Սուրիոյ Քարիւղի Նախարարութենէն պատասխանատու մը յայտնեց, որ բնակարաններու օգտագործման  կազի ապահովումը  աստիճանաբար կը բարելաւուի, իսկ կազի արտադրութեան քանակը բարձրացած է համեմատաբար նախորդ տարուան։ Օրական շուրջ 100.000 տակար կ’ապահովուի, սակայն երկրին բնակարանային կազի պահանջքը օրական 120.000 տակար է։
Ան յայտնեց, որ նախորդ տարի Պանիասի զտարանի դադրելուն պատճառով ժողովուրդին կազի մատակարարումը կ’ուշանար, սակայն զտարանի վերանորոգումէն ետք կազի արտադրութիւնը բարձրացած է, հետեւաբար մարդիկ կարճ ժամանակամիջոցին հերթաբար կը ստանան իրենց անհրաժեշտ կազը եւ կազի տագնապը աստիճանաբար կը վերանայ։