ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար ալ Ճաաֆարի ՄԱԿ-ի առցանց ժողովին յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն բռնագրաւել Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն տարածքներ եւ թալանել Սուրիոյ ժողովուրդին պատկանող երկրին հարստութիւնները ու բռնի թրքացման քաղաքականութիւն վարել, որոնց կողքին շրջանի ժողովրդագրական պատկերը փոխել եւ բնիկ ժողովուրդը տեղահան ընել: Ապա շեշտեց, որ Թուրքիոյ այս նենգ քաղաքականութիւնը սուրիական հողերուն իրաւական տուեալներէն ոչ մէկ բան պիտի փոխէ, ոչ ալ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան իրաւունքին պիտի կարենայ սպառնալ: Ճաաֆարի աւելցուց, որ Էրտողանի վարչակարգը ընդարձակեց իր ահաբեկչական գործողութիւններն ու զինուորական յարձակումները Սուրիայէն Իրաք, Լիպիա, Թունուզ, Եգիպտոս, Կիպրոս, Ատրպէյճան եւ Հայաստան, հաւանաբար ալ կրկին թակելու Վիեննայի դռները: Ապա աւելցուց որ այս երեւոյթը արդիւնք է նաեւ ՆԱԹՕ-ի անտարբերութեան եւ ինչպէս Իսրայէլի այնպէս ալ Թուրքիոյ զօրակցելուն:
 Ճաաֆարի դիտել տուաւ, որ Սուրիան քանիցս զգուշացուցած էր ՄԱԿ-ը Էրտողանի միջազգային օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը արհամարհող ընթացքէն, աւելցնելով որ Թուրքիան ոչ մէկ ձեւով յարգեց Սոչիի համաձայնութիւնը, պարզ այն պատճառով որ թշնամին դատաւոր չի կրնար ըլլալ եւ հրդեհներ բռնկեցնողը հրշէջի դերին մէջ չի կրնար մտնել:
Ճաաֆարի դատապարտեց Սուրիոյ ժողովուրդին պարտադրուած տնտեսական միակողմանի պատիժները, նկատել տալով որ այս քայլը եւս ահաբեկչական դրսեւորում է պատերազմէն տակաւ դուրս եկող Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ: