Սիրելի՛ սուրիահայեր,
Երկար տարիներու պատերազմէ ետք, Հալէպը անգամ մը եւս իր ձայնը կը բարձրացնէ անարդարութեան եւ նոր ցեղասպանութիւններու դիմաց։ Այսօր սուրիահայութիւնը եւ մասնաւորաբար հալէպահայութիւնը կու գայ իր ձայնը միացնելու աշխարհով մէկ սփռուած եւ տարածուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ձայնին։ Համայն աշխարհին, համայն մարդկութեան եւ մանաւանդ միջազգային ընտանիքին անգամ մը եւս պարզելու այն ճշմարտութիւնը, որուն մասին ամբողջ 105 տարի հայ ժողովուրդը արտայայտուեցաւ խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատին եւ հայկական հարցին մասին։ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութիւնը այսօր համախմբուած է աշխարհի բոլոր լեզուներով անգամ մը եւս իր ձայնը բարձրացնելու մարդկութեան դէմ, հայութեան դէմ, մեր ազգին դէմ իրագործուած նոր ոճիրի եւ ցեղասպանութեան ի տես եւ արդարութիւն պահանջելու։ Սուրիահայութիւնը անցնող տարիներուն ինք եւս պայքարեցաւ ահաբեկչութեան դէմ, ահաբեկչութիւն մը որ հովանաւորուած էր ցեղասպան թուրքին կողմէ: Բազմաթիւ հայեր հեռացան Սուրիայէն, սակայն ահաւասիկ մեծ թիւով հայեր այսօր կը լեցնեն այս հրապարակը, անգամ մը եւս ցոյց տալու, որ Հալէպը կ’ապրի եւ անոր սիրտը կը տրոփէ, ան ունի իր խօսքը, իր կեցուածքը, իր փորձառութիւնը եւ կու գայ իր ձայնը միացնելու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ձայնին՝ Հալէպէն, Սուրիայէն, Քեսապէն, Դամասկոսէն, Ճէզիրէէն, Գամիշլիէն մեր միասնական պայքարը շարունակելու կամեցողութիւնը անգամ մը եւս հաստատելով։
Ապրի՛ք հալէպահայեր, տակաւին հոս ենք եւ հոս պիտի մնանք: Հալէպէն պիտի պաշտպանենք թէ՛ մեր Սուրիական Հայրենիքը, անոր ամբողջականութիւնը, եւ թէ մեր Մայր Հայաստանն ու Արցախը։ Հայ ժողովուրդը եւ սուրիահայութիւնը, մասնաւորաբար հալէպահայութիւնը, իր արիւնը թափեց անցնող տարիներուն վասն հաւատի, վասն հայրենեաց։ Այսօր անգամ մը եւս համախմբուած ենք այս ցոյցին ճամբով արդարութիւն պահանջելու եւ հրաւիրելու բոլոր այն պետութիւնները, որոնք արդարութեան կը հաւատան պաշտպանելու Արցախը եւ Արցախի մեր ժողովուրդը։
Հալէպէն կ’ուխտենք բոլորս, որպէս մէկ ամբողջութիւն, մեր գոյապայքարը շարունակել ամէն գնով: Հայը տկար չէ, այսօր Սուրիան տկար չէ, այսօր հալէպահայութիւնը տկար չէ, զոհեր տուաւ իր կամքով, իր հաւատքով եւ իր տեսիլքով եւ անգամ մը եւս կ’ուխտէ հաւատարմութեամբ իր գոյապայքարը մղելու՝ նուիրական եւ սրբազան արժէքներուն, իր հաւատքին եւ հայրենիքին համար։
Կեցցե՛ն մեր երիտասարդները, կեցցէ՛ հալէպահայութիւնը, որ լեցուց այս հրապարակը եւ այսպիսի յանդգնութեամբ իր ձայնը բարձրացուց։
Սիրելի՛ հարազատներ,
 փառք եւ պատիւ ձեզի: Այսօր Հայաստանը եւ Արցախը հպարտ են ձեզմով: Այսօր Արցախի սահմաններուն վրայ պայքարող մեր երիտասարդները հպարտ են ձեզմով: Այսօր բանակ մը կանգնած է ահաւասիկ, ոչ անպայման զէնքով, այլ հաւատքով եւ իր կեցուածքով շարունակելու յաղթական մեր երթը։