Պատմութիւնը այնքան դասեր տուած է մեզի, որ այլեւս քաղաքական կամ դիւանագիտական սխալներ գործելը անուշիմութեան ցուցանիշ կը համարուի: Իսկ մենք ուր ենք անուշիմութենէն:
Պատմութիւնը այնքան դասեր տուած է մեզի, որ այլեւս ազգին հաշուոյն ճակատագրական վրիպումներ գործելը անմտութեան փաստարկ կը սե-պուի: Իսկ մենք ուր ենք անմտութենէ:
Պատմութիւնը այնքան դասեր տուած է մեզի, որ այլեւս հողի զիջում կատարելը հայրենամոռացութիւն կը նկատուի, իսկ մենք ուր ենք հայրենամոռացութենէն:
 Ինքնահիացում չէ անտարակոյս, սակայն անհերքելի ճշմարտութիւն է մեր հանճարեղութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու հայրենանուիրումը:
Շնորհիւ մեր բնատուր տաղանդին, մեր ձեռք բերած հմտութիւններուն, մեր ժառանգական արիութեամբ ու մեր ջանասիրութեամբ յաջողած ենք դիմադրել ամէնէն ահաւոր յարձակումները անգամ, յաջողած ենք դէմ դնել ամէնէն ահեղ թշնամիին, որովհետեւ մեր մարտը միշտ արդար եղած է, մեր պայքարը ընդմիշտ մարդկային հիմունքներով ընթացած է: Մենք չենք ներխուժած ազգերու ու ժողովուրդներու երկիրներ, չենք տիրած այլ ժողովուրդներու վրայ, չենք յափշտակած աւարներ եւ չենք գործած աւերներ:
Մենք ուր գացած ենք կառուցած ենք, ուր ապրած ենք մարդասիրութիւն սփռած ենք:
Մենք միշտ յաղթած ենք, երբ ուժեղ թագաւորութիւն ունեցած ենք, անյաղթահարելի բանակ ունեցած ենք: Աշխարհակալ դարձած ենք, երբ միասնականութիւնը մեզ առաջնորդած է եւ մենք միայն մեր գերխնդիրներով զբաղած ենք՝ մէկդի թողլով տասներորդական տարակարծութիւնները: Երբ որպէս մէկ մարդ, մէկ ձեռք, մէկ շունչ միաւորուելով որոշած ենք մեր արժանավայել տեղը ունենալ աշխարհի վրայ:
Այսօր եւս նոյն սկզբունքներով ու նոյն կորովով պիտի ընթանանք դիմադրելու մեր դարաւոր թշնամիին, ցեղասպան թուրքին, որ աջակցելով Ատրպէյճանին կը ջանայ իր վաղեմի սադրանքային ծրագիրները իրականացնել եւ կրկին ցեղասպանութեան ենթարկել հայ ժողովուրդը:
Անցնող շաբաթներուն Թուրքիան զինուորական փորձերու պատրուակով Ատրպէյճան փոխադրեց զինուորական օդանաւեր եւ տարբեր տիպի զինատեսակներ, որոնք այսօր ուղղակիօրէն ղեկավարուելով Թուրքիայէն Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւններ կ’իրականացնեն:
Սիրելի՛ ժողովուրդ,
Յատկապէս մենք՝ սուրիահայերս, եւ ի մասնաւորի հալէպահայերս, լաւապէս ճանչցանք միջազգային նենգ նախագիծերով առաջնորդուող ահաբեկչական շարժումներու էութիւնը, մեր մարմնին վրայ զգացինք անոնց հրէշագործութիւնները, մեր քաջարի նահատակներու եւ անմեղ զոհերու հողի յանձնման ցասումով ապրեցանք անոնց անմարդկայնութիւնը: Այսօր Սուրիայէն Ատրպէյճան փոխադրուած եւ փոխադրուող նոյն վարձկան ահաբեկիչներն են, որոնք Թուրքիոյ դասաւորումով, եւ անոր անմիջական մասնակցութեամբ միջազգային ահաբեկչութեան նոր դրսեւորումներ կու տան: Անոնց գոյութիւնը սպառնալիք է ոչ միայն տարածաշրջանի երկիրներուն, այլ ընդհանրապէս ողջ մարդկութեան:
Մեր պատուաբեր վարկը հաշտ աչքով չէ դիտուած նախանձի հուրով լեցուած թշնամիներուն համար, Օսմանեան Կայսրութեան եւ անոր իրաւական ժառանգորդին՝ Թուրքիոյ համար, որ ե՛ւ անցեալին, ե՛ւ այսօր կը շարունակէ իր նկրտումները ամենատմարդի ու ճիւաղային ծրագիրներով:
Իսկ ինքզինք յառաջադէմ համարող աշխարհի մեծ տիրութիւնները կը շարունակեն կոյր ու խուլ ձեւանալ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն ի տես, անոնք խցաններով փակած են իրենց ականջները եւ ակնակապիճները անարդարութեան շաղով ծեփած:
Դեռ անհասկնալի է հայութեանս համար, թէ ինչո՛ւ են արդարութեան միջազգային օրէնքները, ինչո՛ւ հիմնադրուած է ՄԱԿ-ը, ինչո՛ւ մշակուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրէնսգիրքերը եւ ինչո՛ւ կը գործեն մարդկային արժէքներու պաշտպանութեան մարմինները:
Թող ամչնան մարդկային արդարութեան դրօշը բարձրացնող բոլոր երկիրները, ազգերն ու անձնաւորութիւնները, երբ Վանն ու Սասունը կը շարունակեն անարդարաբար մնալ բարբարոս թուրքին ձեռքը:
Թող ամչնան մարդասիրութեան կարգախօսներ վանկարկողները, երբ կը շարունակեն լուռ մնալ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրքերու, ատրպէյճանցիներու եւ վարձկան ահաբեկիչներու կողմէ գործուած ոճիրներուն ի տես:
Թող ամչնան բոլոր երկչոտները, որոնք հազարամեակներու պատուաբեր քաղաքակրթութիւն ունեցող ազգիս արդար իրաւունքներու վերատիրացման համար որպէս հաշմանդամ դիտողի դերի մէջ կը մնան:
Արցախի պատերազմը մեր արժանապատուութեան պատերազմն է, այլ ելք չունինք, կա՛մ պիտի յաղթենք, կա՛մ պիտի յաղթենք, հակառակ պարագային ի՞նչ երեսով պիտի նայինք մեր նորահաս սերունդներու աչքերուն, այն սերունդներուն, որոնց դաստիարակեցինք այն համոզումով, որ հողը ամենաթանկ բանն է մեզի համար, հողը ազգային այն արժէքն է, որ կարելի չէ փոխարինել այլ արժէքներով:
Պիտի հասկնաք, միջազգայի՛ն ընտանիք, Եւրոպա՛, Ամերիկանե՛ր եւ Արաբակա՛ն Աշխարհ, մեր համբերանքն ալ պարագիծ ունի, հայրենիքի մեր կարօտի կրակը հրդեհի վերածուելու ժամը չ’ուշանար, կարօտը Վանի, Կարնոյ, Պիթլիսի, Տրապիզոնի, Ծոփաց աշխարհի: Մեր կարօտը Նախիջեւանի ու Ջաւախքի:
Այնպէս ինչպէս պաշտպանեցինք Սուրիական Հայրենիքը, նոյն թշնամիին դէմ պիտի պաշտպանենք Արցախ Հայրենիքը:
Կասկած չկայ, Արցախի պատերազմը մերն է:
Պատի՛ւ մեր հայրենիքին, պատի՛ւ մեր ազգին, պատի՛ւ մեր նահատակներուն: