Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ կը կոչեն: Մե՛նք ցեղասպանութիւն ապրեցանք, մահը համտեսեցինք եւ փրկուեցանք, սակայն չխուսափեցանք մահէն յանուն մեր ազատութեան եւ պատմական ժառանգութեան:
Ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը մարդուն հետ ծնած են, որպէսզի դառնան անոր սուրն ու նիզակը, որոնցմով պիտի պաշտպանուի չարիքէն, որպէսզի դառնան անոր արեւը, որ ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ  ջերմացէ իր կեանքը: Մարդկութեան թշնամիները, սակայն, կ’աշխատին ծածկել արեւը իրենց խաւարամտութեամբ եւ բռնակալութեամբ: Անոնք այս բոլորը չեն կրնար ի գործ դնել այն ազգին դէմ, որ  սպանուեցաւ, գաղթական դարձաւ, իր զաւակները անշիրիմ մնացին անապատներու աւազներուն տակ, այդուամենայնիւ ան սրբացուց իր նահատակները եւ ուխտեց անոնց արեան վրէժը լուծել:
Սիրելինե՛ր,
Տարիները կը գլորին, ժամանակները կը փոխուին, բայց պատմութիւնը կը կրկնուի: Ահա հրապարակ իջած է նոյն անողոք օսմանցին, որ ծարաւ է մարդասպանութեան, արիւնահեղութեան եւ ամէն գնով կը նկրտի խլել ժողովուրդներու ազատութիւնը: Կը  թափառի աշխարհին աչքին առջեւ, պատերազմներ  ու տագնապներ կը հրահրէ՝ օգտագործելով իր ահաբեկիչ վարձկանները՝ յագեցնելու իր թուրանական բնազդները, հաւակնութիւններն ու պատրանքները: Ան մերթ Սուրիա, մերթ Լիպիա, մերթ Իրաք, մերթ Յունաստան եւ վերջապէս Արցախ իր վարձկան ահաբեկիչները տարածելով կը սպանէ, կը թալանէ տեղւոյն ժողովուրդը:
Զգոյշ, սակայն, մոլագա՛ր օսմանցի, այնպէս ինչպէս սուրիացիները իրենց կամքով եւ պայքարով յօդս ցնդեցուցին  ձեր երազները, այնպէս ալ պիտի ընեն Արցախի հերոսները: Այն Արցախին, որ անբաժան մասնիկը պիտի մնայ Հայաստանի, եթէ նոյնիսկ սեւ պատմութիւնը շուրջ դար մը առաջ փորձեց խլել զայն: Արցախը հայկական է իր արմատներով, սրտով եւ գոյապայքարով:
Իսկ դուն, ո՛վ խուլ, համր եւ կոյր Արեւմուտք,
Դար մը ամբողջ հանդիսատեսի դերին մէջ մնացիր ու յանդգնութիւն չունեցար 20-րդ դարու ամենասարսափելի ցեղասպանութիւնը գործող յանցագործը պատժելու: Այսօր, ան  նոյն ոճիրները կը կրկնէ Արցախի մէջ, ո՞ւր ես դուն: Այս սանձարձակ համաճարակին՝ օսմանեան պատրանքին, ե՞րբ վերջ պիտի տաս: Ո՛վ ազատութեան, մարդկայնութեան եւ իրաւունքներու պաշտպան ձեւացողներ, ո՞ւր էք դուք: Հակառակ ձեր լռութեան, Աստուծոյ եւ պատմութեան առջեւ կը խոստանանք ճարճատել լռութեան պատը մեր հողը պաշտպանող հրասայլերու դղրդիւններով, մեր երկինքը պաշտպանող օդանաւերու սլացքով եւ պիտի ստիպենք ձեզ, որ ճշմարտութիւնը պարզէք եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնաք: Ձեր կոյր աչքերն անգամ պիտի տեսնեն սխրանքները այնպիսի հերոսներու, որոնց նմանը չէ ծնած պատմութիւնը, որոնք կը նախընտրեն մահուան գիրկը նետուիլ բաց ճակատով,  քան ստրուկ դառնալ եւ զիջիլ իրենց պատմական հողերը:
Իսկ դուն, ո՛վ խաւարամիտ օսմանցի,
Պատրանքներդ թաղէ՛ ու հեռացի՛ր: Հեռացի՛ր մեր երկրէն, հերիք է ատելութիւն սերմանես, թող վերջնականապէս ցամքին ահաբեկչութեան եւ անարդարութեան աղբիւրներդ: Կ’երդնունք թոյլ չտալ քեզ, որ կրկնես նախնիներուդ գործած ոճիրը եւ այս անգամ ցեղասպանութեան ենթարկես արցախահայութիւնը:
Արցախը անկախ է, հայկական է, մենք այնտեղ պատմութիւն ունինք, մեր կեանքը ծիլ նետած է այնտեղ ու արմատներ հաստատելով ծաղկած ու լուսաւորուած: Արցախի մեր հերոսներն են ահա՛, որոնք վճռած են արդարութիւն հաստատել ու հայրենիքը պաշտպանել՝ իրենց անմեղ արեան գնով: Անոնց սուրբ արիւնը պիտի ոռոգէ Արցախի հողը ու անուշաբոյր վարդեր կրկին պիտի բացուին ու ողջ աշխարհը իրենց բոյրով պարուրեն: Անոնց արեան կանչը նորահաս սերունդներուն յաղթերգութիւնը պիտի ըլլայ:
Վճռած ենք, պիտի յաղթենք: