Սփիւռքի հեռաւոր ափերուն հայ դպրոցը առանցքային դերակատարութիւն ունի նորահաս սերունդի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ ազգապահպան առաքելութեան մէջ, Ազգ ու հայրենիք իրար զօդելով եւ ազգային գիտակցութիւնը վառ պահելով աշակերտներուն մօտ։
Այս իսկ համոզումով, Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2020-ին, վարժարանի աշակերտները՝ հայրենիքով սնած ու անկէ աւիշ ստացած, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախին։ Ձեռնարկը ընթացք առաւ ներկաներուն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ առ ի յարգանք Արցախի ազատագրման ճամբուն վրայ իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներուն յիշատակին: Ապա հնչեց Արցախի Հանրապետութեան քայլերգը։ Իններորդ եւ տասերորդ կարգերու աշակերտները ներկայացուցին Արցախի պատմականը` պաստառի վրայ ցուցադրելով քարտէզը, աշխարհագրական դիրքը, շրջանները, սահմանները, զինանշանն ու դրօշակը։ Բեմի պաստառին վրայ ցոլացին աշակերտներուն զօրակցական, գեղարուեստական աշխատանքներն ու գծագրութիւնները, նաեւ տեսագրութիւն մը:
Յանուն աշակերտութեան Ժ. կարգէն Անի Տէմիրճեան դատապարտեց Ատրպէյճանի շղթայազերծած ոտնձգութիւնները եւ անարգ պատերազմը Արցախի եւ անոր խաղաղ բնակչութեան դէմ, յայտնելով ամբողջական զօրակցութիւն եւ հաւատալով հայոց բանակի յաղթանակին:
Նախակրթարանի փոքրիկները եռանդուն ու ժիր ձայնով արտայայտեցին իրենց սէրը հայրենիքին նկատմամբ՝ ներկայացնելով սրտառուչ եւ հայրենաշունչ արտասանութիւններ եւ երգեր։ Մերթ ընդ մերթ զօրակցական խօսքեր արտասանուեցան միջնակարգի աշակերտներուն կողմէ, իսկ Է. եւ Ը. կարգի աշակերտները ընթերցեցին իրենց գրած սրտաճմլիկ նամակները՝ ուղղուած հայոց բանակի քաջարի զիուորներուն, հերոս նահատակներուն եւ պատերազմի հետեւանքով տուժած մանուկներուն, քաջալերելով զանոնք խիզախութեամբ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները: Ժ. կարգէն Վահան Սեդիկեան արտասանեց աշակերտական խոստումը բոլորին մասնակցութեամբ, ուսմամբ պաշտպանելու իրենց ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը: Աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհին՝օրդ.Ծովակ Պաղպուտարեանը բարձր գնահատեց աշակերտներուն հայրենասիրութիւնն ու ազգային ոգին ։Ան ըսաւ, որ թէեւ դուք փոքր էք եւ չէք կրնար պատերազմի մասնակցիլ, սակայն ձեր հայ լեզուն պահելով եւ ազգը սիրելով կրնաք օգտակար դառնալ հայրենիքին, որպէսզի յաղթանակի դրօշը կրկին ծածանի Արցախի երկնակամարին։ Ապա աշակերտները ազգային երգերով թնդացուցին դահլիճը։ #ՅԱՂԹԵԼՈՒԵՆՔ:

Սոնա Անտրեան