«Հորիզոն».-«Քանատա դատապարտէ՛ թրքական բռնութիւնները», «Թրքական ԱԹՍ-ները կը սպաննեն անմեղ քաղաքացիներ»… Արցախի դէմ թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումն ու բռնարարքները դատապարտող պաստառներ բարձրացուցած՝ հայ երիտասարդները Նոյեմբեր 1-ին Քանատայի Ուոթըրլու քաղաք գլխաւոր հրապարակին մէջ բողոքի հանրահաւաք կատարեցին։
ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հարաւ-արեւմտեան շրջանին կողմէ նախաձեռնուած ցոյցին կը մասնակցէին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան եւ ՀՄԸՄ-անդամներ։
Ցոյցի ընթացքին, գանատական CTV հեռուստաընկերութեան Քիչնըր քաղաքի հեռուստակայանը հարցազրոյց ունեցաւ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հարաւ-արեւմտեան շրջանի ատենապետ Լեւոն Սարմազեանի հետ, որ յստակօրէն ներկայացուց թուրք-ատրպէյճանական սադրանքները եւ քանատահայ համայնքի ակնկալութիւնները օթթաուայէն։