Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2020-ին, սուրիական «Damas Times» կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան քրոնիկ հիւանդութիւններու բաժինի փոխտնօրէն տոքթ. Աթէֆ Թաուիլ յայտնեց, որ ձմրան սկիզբը պսակաձեւ ժարի համաճարակի երկրորդ ալիքը կրնայ Սուրիա թափանցել, այնպէս ինչպէս ներկայիս թափանցած է Եւրոպա: Տոքթ. Թաուիլ յայտնեց, որ համաճարակաբաններու համաձայն, երկրորդ ալիքը միշտ աւելի ծանր կ’ըլլայ եւ առաջինէն աւելի վարակուածներ կ’արձանագրուին, որովհետեւ ժողովուրդը նախազգուշացման միջոցներուն չի հետեւիր, հետեւաբար համաճարակը արագընթաց կերպով կրնայ տարածուիլ: Թաուիլ դիտել տուաւ, որ ձմրան ընթացքին պսակաձեւ ժահրի համաճարակը աւելի շուտ կը տարածուի, որովհետեւ ժողովուրդը փակ վայրերու մէջ կը հաւաքուի: Թաուիլ շեշտեց, որ Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յարմար միջոցներու դիմեց՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի նախազգուշական բոլոր քայլերը առնելու եւ առողջապահութեան հատուածի պաշտօնեաները պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն զերծ պահելու համար: Թաուիլ աւելցուց, որ ներկայիս, դպրոցներուն մէջ վարակուած աշակերտներուն թիւը քիչ է եւ անոնք յարմար բուժումը կը ստանան արդէն, սակայն անհրաժեշտ է, որ ներկայ եւ յառաջիկայ փուլերուն քաղաքացիները ըլլան աւելի գիտակից, գործադրեն կառավարութեան յայտարարած նախազգուշական քայլերը եւ ջանան որեւէ տեղ խճողում չստեղծել: