Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ենթակայ հաշտեցման կեդրոնը յայտնեց, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները կը պատրաստուին Սուրիոյ մէջ ինքնաթիռով օդային յարձակում գործել Իտլիպի բնակչութեան վրայ, յանցանքը բարդելով Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ վրայ: Ռուսական կեդրոնը, նախագահ գնդապետ Ալեքսանտր Կրենքեվեչի վկայակոչութեամբ, յայտնեց, որ կեդրոնը տեղեկացած է, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ նոր ծրագիր կը մշակեն Իտլիպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու բնակիչներուն վրայ յարձակում գործելու եւ սուրիական կառավարութիւնն ու ռուսական օդային ուժերը ամբաստանելու: Ռուսական կեդրոնը կոչ ուղղեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու ղեկավարներուն դադրեցնելու նման ընվեցուցիչ արարքները եւ իրենց հսկողութեան տակ առած շրջաններուն մէջ խաղաղութիւն պահելու: