«Ակունք».-Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյ, ի պատասխան քեմալիստական` Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան (CHP) պատգամաւոր Այտըն Օզերի գրաւոր հարցումին, յայտնած է, թէ Թուրքիան շուետական Sicpa Turkey ընկերութեան փոխհատուցում չէ վճարած թանգարանէն մզկիթի վերածուած Սուրբ Սոֆիա բիւզանդական տաճարին համար:
Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, հաղորդած է «Ճումհուրիյէթ» պարբերականը: Հրապարակման մէջ յիշուած է, որ վերոյիշեալ ընկերութիւնը 9 տարի շարունակ Սուրբ Սոֆիան որպէս թանգարան շահագործելու իրաւունք վաստակած էր: