Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է, որ մարտի դաշտին մէջ առկայ ապացոյցները հաստատած են, որ Թուրքիոյ Bayraktar անօդաչու թռչող սարքերու ստեղծման համար օգտագործուած են ամերիկեան ֆիրմաներու, ԱՄՆ-ի օտարերկրեայ ֆիրմաներու դուստր ձեռնարկութիւններու եւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից երկիրներու մէջ գտնուող ձեռնարկութիւններու (Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Աւստրիա, Հոլլանտա) մասեր եւ ճարտարագիտութիւներ: Յիշեցնենք` Bayraktar-ները օգտագործուած են Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ:
«Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը այդ տեղեկատուութիւնը տրամադրած է ԱՄՆ եւ միջազգային օրէնսդրութեան խախտումներու մասին, ներառեալ ԱՄՆ զէնքի արտահանման վերահսկման մասին օրէնքները, Պետ տէփարթմընթին, Փենթակոնին, Արդարադատութեան Նախարարութեան եւ ԱՄՆ Քոնկրէսին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ եւ ներկայացուած է ցուցակը:
Պորթային Մոտեմային Թրանսիւեր ViaSat` Քառլսպատ, Քալիֆոռնիա,
Comant Industries անթենայ` Ֆուլլերթըն, Քալիֆոռնիա,
Trimble Navigation GPS ընդունիչ` Սաննիւեյլ, Քալիֆոռնիա,
Վառելիքի զտիչ Hengst Camden, SC` գերմանական ընկերութեան մասնաճիւղ ԱՄՆ-ի մէջ,
Անուի միացման համար MilesTek Tire խլացուցիչ` Լիւիսսուիլ, Թեխաս,
GPS Նաւիկաթըր Garmin Olathe, KS` ԱՄՆ-ի շուետական ընկերութեան դուստր ձեռնարկութիւն,
Wescam օփթիքական պլօք` քանատական ֆիրմայի մասնաճիւղ ԱՄՆ-ի` Օռլանտօ, Ֆլորիտա,
Ինտելեքթուալ միքրոալիքային տուիչներ` Ռատարային բարձրաչափ`Իրուին, Քալիֆոռնիա` գերմանական ընկերութիւն ԱՄՆ-ի մէջ,
Վառելիքի հերմեթիք պաք` Պերինկըր Գրինուիլ, Հարաւային Քառոլինա` ֆրանսական ֆիրմայի դուստր ձեռնարկութիւն ԱՄՆ-ի մէջ,
ՔԱՆԱՏԱ. MicroHard անտենային ալեհաւաք եւ ուժեղացուցիչ` Քալկարի,
Քանատա ԵՒՐՈՊԱ. AeroShell շարժիչ` Հաակա, Հոլլանտա,
Վառելիքի փոմփ Andair` Միացեալ Թագաւորութիւն: