EADaily-ն, յղում կատարելով գերմանական DPA գործակալութեան,  կը յայտնէ, որ թրքական ուժերը տարհանած են սուրիական Իտլիպի ապահովական գօտիին մէջ տեղակայուած իրենց խոշորագոյն զինուորական կայանը: Զինուորական անձնակազմով եւ մեքենաներով շարասիւներ  նկատուած են Համա նահանգի հիւսիսային «Մորէք» կայանէն հեռացած պահուն:
Վերջին ամիսներուն թրքական կայանը շրջապատուած էր սուրիական բանակին կողմէ: Այնտեղ գտնուող անձնակազմի անվտանգութեան երաշխաւորը եղած է Ռուսիան:
Սուրիական զինուորական աղբիւրի ընդգծումով՝ Թուրքիան որոշած է հրաժարիլ Իտլիպի իր շարք մը դիտորդական կէտերէն, որոնք ստեղծուած էին Ռուսիոյ հետ համաձայնագիրի շրջագիծէն ներս: