Ոեւէ հայու պէս, ես ալ օրը օրին կը հետեւիմ Արցախի ճակատներու իրադարձութիւններուն, ցաւ կ’ապրիմ, ի լուր նահատակներու բազմացումին եւ որոշ շրջաններու մէջ արձանագրուած նահանջներուն (ոմանք կ’որակուին մարտավարական, կամ կը գործածուին իբրեւ ծուղակ՝ թշնամիին): Կը ցուցադրուին ճակատներու քարտէզները, հայկական լրատու աղբիւրներ կը խօսին նաեւ ազերիական ապատեղեկատուութեան, ծիծաղելի ըլլալու չափ սուտ լուրերու մասին: Հայկական բռունցքը կը մնայ միակամ ու ամուր:
Ո՛չ պատերազմը նորութիւն է, ոչ ալ ազերիական վերաբերմունքը. 80-ականներու վերջերէն ասդին, հայկական շրջագիծի մէջ զարգացող դէպքերուն հետեւողը աւելի՛ լաւ կը հասկնայ կէս-կատակ այն խօսքը, թէ «պատմութիւնը ինքզինք չի կրկներ, որովհետեւ իւրաքանչիւր պատերազմի՝ մարդիկ զիրար նոր տեսակի զէնքերով կը սպանեն…»:
Այսօրուան զարգացումները յիշողութեանս պաստառին վրայ կը վերարտադրեն բազմաթիւ դէպքեր, զուգընթացներ: Ո՛չ մէկ խօսք, որ այսօրուան պատերազմը չի նմանիր 2016-ի քառօրեային, այլ իր տարածքով ու սաստկութեամբ կը համեմատուի 1994-ի զինադուլին յանգած ճակատումներուն (անկախ զէնքերու տեսակներէն ու թրքական ու վարձկաններու գործօնին յաւելումէն): Արձանագրեմ երկու դրուագ:
Ա. Երբ Արցախեան 90-ականներու պատերազմը սկսաւ սաստկացում ապրիլ, «Ազդակ»ի խմբագրատունը, մասնաւորաբար երեկոյեան ժամերուն, ժամադրավայրը դարձաւ խումբ մը ընկերներու, որոնք կը ցանկային թերթի լոյս ընծայումէն առաջ իսկ իմանալ ռազմական գործողութեանց մանրամասնութիւնները: Այդ օրերուն, ո՛չ պատկերասփիւռի, ոչ ալ համացանցի այսօրուան միջոցները կային: Լուրերը կը հասնէին Երեւանի լրատու գրասենեակներէն, կարեւոր աղբիւր մըն էր Երեւանի ձայնասփիւռի կայանը, որ գիշերուան ուշ ժամերուն, հակիրճ տեղեկութիւններ կու տար մարտնչումներուն մասին: Աշխատանքի սեղանիս ետին, պատուհանի ապակիին վրայ փակցուցած էինք Արցախի քարտէզը: Եթէ ճակատի մը վրայ հայկական ուժերը նահանջ կրած էին, վայրը կը նշէինք կարմիր գիծերով ու նշաններով, իսկ յառաջխաղացքի մասին լուրերը մեր քարտէզին վրայ կը թարգմանուէին կանաչ գիծերով ու նշաններով: (Եթէ այդ քարտէզը պահած ըլլային, օր մը կրնային հայկական թանգարանի մը մէջ ցուցադրել…):
Ամիսները յաջորդեցին իրարու, մեր ալ զգացումները ելեւէջներ ապրեցան նահանջներուն ու յառաջխաղացքներուն հետ: Ի վերջոյ, մեր ուժերը քայլ առ քայլ ազատագրեցին ամբողջ Արցախն ու շրջակայ կարգ մը հողամասեր: Կորսնցուցինք Շահումեան-Գետաշէն գօտին, սակայն կերտեցին վերջնական յաղթանակը. Շուշին ու Ստեփանակերտը ազատագրուեցան, Օմարի լեռնանցքէն, Մարտունիէն մինչեւ Արաքս գետի հունը ստեղծուեցաւ նոր սահմանագիծ, Աղտամը չէզոքացուեցաւ: «Պիտի յաղթենք»ը չմնաց նշանախօս, այլ դարձաւ իրականութիւն, պատմական յաղթանակ մը՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, նման՝ Սարդարապատին: Հիմա, դարձեալ կ’արձանագրուին վերիվայրումներ. հայը չի կրնար չկրկնել իրեն ժառանգ հասածը, այսինքն, «պիտի յաղթենք»ը չի կրնար փոխանակել որեւէ տեսակի զիջումի հետ:
Բ. Ազերիական աղբիւրներ «ահազանգ» հնչեցուցած են, որ այլ երկիրներէ հայեր Արցախ հասած են եւ իբրեւ «վարձկան» միացած՝ հայկական ուժերուն: Հայու մը արցախեան մարտին միանալը՝ վարձկանի անուան տակ հրապարակ նետելը կրնայ միայն ազերիական-թրքական այլ անհեթեթութիւններու հետ մրցիլ եւ նոր մրցանիշ ալ հաստատել, սակայն սա նորութիւն չէ, իսկ աշխարհն ալ կրնայ «հալած իւղի պէս» կուլ տալ նման անհեթեթութիւն:
…Եթէ ընթերցողս կը յիշէ, Արցախեան պատերազմի սկզբնական շրջանին ալ, նման անհեթեթութիւն հրապարակ նետուեցաւ եւ միջազգային մամուլն ալ… թութակեց զայն (ինչպէս որ մինչեւ այսօր ալ թութակողներ կան, թէ սա իսլամ-քրիստոնեայի պատերազմ է, կ’անտեսուի թրքական ցեղապաշտական գործօնը, որ ո՛չ մօտէն, ոչ ալ հեռուէն աղերս ունի իսլամին հետ, Թուրքիա նոր խանդավառութեամբ կը ջարդէ այլ իսլամներ, նոյնինքն բանիմաց իսլամներ՝ պետական մարդիկ թէ կրօնական առաջնորդներ, կը դատապարտեն թրքական ոճրային վարքագիծը…:
Ազերիական այդ քարոզչութեամբ «զինուած» ֆրանսացի լրագրող մը, եթէ չեմ սխալիր, 1993-ի կէսերուն Պէյրութ եկած էր, ստուգում կատարելու՝ թէ Լիբանանէն քանի՞ հայ «վարձկան» Արցախ գացած է, նաեւ ծանօթանալու Լիբանանի հայութեան տեսակէտներուն՝ զարգացող պատերազմին ու հայ-ազերի հակադրութեան մասին: Ան հանդիպումներ ունեցաւ կրօնական, պետական եւ կուսակցական ու մամուլի պատասխանատուներու հետ, օր մըն ալ իմացուցած էր, թէ կը փափաքի այցելել «Ազդակ»ի խմբագրատունը:
Երիտասարդ լրագրող մըն էր, գրպանին մէջ պատրաստած ունէր մեզ նեղը դնելու միտող հարցումներ: Նախ զրուցեցինք տագնապին հիմքերուն մասին, հասկնալի էր, որ բաւական ծանօթ էր պատմական անցեալին, սակայն իր յիշողութեան սահմանները կազմաւորուած էին այն տարազով, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատկանած է եւ հայերը իրաւունք չունին պահանջելու այն՝ ինչ որ կը պահանջենք: Բնականաբար բացատրեցինք իրականութիւնները, շեշտեցինք, որ սա հայկական «միակողմանի» կարծիք չէ, տուինք քանի մը աղբիւր, ուրկէ կրնար ստուգում կատարել եւ տեսնել, որ Արցախը հայկական եղած է… Ատրպէյճան կոչուած երկրին արարումէն շատ առաջ: Եւ յանկարծ՝ «Ճի՞շդ է որ այստեղէն վարձկաններ կը ղրկէք Արցախ, կռուելու համար ազերիներու դէմ», նետեց՝ գրեթէ բառացիօրէն կրկնելով ազերիական քարոզչութեան մեզի ծանօթ բառամթերքը: Ծիծաղով մը պատասխանեցինք, որ իր գործածած բառերը պարզ անհեթեթութիւն են, որովհետեւ հայ մը չի կրնար «վարձկան» որակուիլ, եթէ գացեր է իր հայրենիքը պաշտպանելու առանց փոխադարձ հատուցումի, կեանքն ալ կը զոհէ այդ նպատակին համար: Աչքերը կ’ըսէին, թէ բացատրութիւնս համոզիչ չէր: Պէտք էր գործածել իր զէնքը: Հարցուցինք իրեն.
Ֆրանսացի՞ ես:
Այո,- պատասխանեց հպարտութեամբ:
Երկրիդ պատմութիւնը լաւ գիտնալու ես, չէ՞:
Բնականաբար,- պատասխանեց ժպիտով մը, որ կը թարգմանուէր՝ «լրագրող մը ասանկ բաներ կը գիտնայ»:
Բ. Աշխարհամարտի պատմութեանդ ալ ծանօթ ըլլալու ես,- հարցուցինք՝ ժպիտը չհասկնալ ձեւացնելով: Ստացանք նոյն պատասխանը: Շարունակեցինք.- Ենթադրենք, որ դուն Բ. Աշխարհամարտի օրերուն կ’ապրէիր ֆրանսական գաղութի մը կամ այլ երկրի մը մէջ (յայտնի էր, որ հազիւ 40-45 տարեկան էր, Բ. Աշխարհամարտի օրերուն ծնած չէր). Ֆրանսան գրաւուեցաւ հիթլերական Գերմանիոյ կողմէ, Տը Կօլը կազմեց դիմադրութեան բանակ: Եթէ ապրած երկիրդ ձգէիր եւ երթայիր ու միանայիր Տը Կօլի ուժերուն, քեզ կարելի՞ էր «ֆրանսացի վարձկան» կոչել…
Անշո՛ւշտ թէ ոչ,- պատասխանեց բացայայտ ընդվզումով:
Լա՛ւ: Դուն քեզ ի՞նչ պիտի կոչէիր,- հարցուցինք նոյն պաղարիւնութեամբ:
Հայրենասէ՛ր… Նման արարք հայրենասիրութենէ կը բխի, հայրենասէր ազատամարտիկ մը պիտի դասուէի- բացատրեց, առանց անմիջապէս անդրադառնալու, թէ հարցապնդողի դիրքէն ցատկած էր հարցապնդուողի աթոռին:
Շա՛տ ճիշդ: Շնորհակալ եմ բացատրութեանդ համար: Եւ արդէն տուիր քիչ առաջ ինծի տուած հարցումիդ պատասխանը,- ըսի ժպտելով:
Պահ մը լուռ մնաց, աչքէ անցընելով տետրակին նոթերը. յայտնի էր, որ ինքն իր ուղեղը ի՛նք կը լուսաւորէր ու կը վանէր «իւղի պէս կլլած բաներ»ուն ազդեցութիւնը: Երբ մեր զրոյցը շարունակեցինք պահ մը եւս, յայտնի էր, որ մեր կեցուածքը կը դիտէր ի՛ր հասկցած հայրենասիրութեան ակնոցով, «հայրենասէր ազատամարտիկի» մօտեցումով:
Քանի մը օր ետք, միջազգային լրատու գործակալութիւն մը լոյս ընծայեց այդ լրագրողին Լիբանան այցելութեան եւ հայ ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հարցազրոյցներուն տեղեկագիրը: Յստակօրէն դիրքորոշուած էր իրականութեանց ու հայկական տեսակէտներուն ի նպաստ: Կասկած չունէինք, որ իր միւս խօսակիցներն ալ նման տեսակէտ ու կեցուածք արտայայտած էին…
Ու՝ ՅԱՆԿԵՐԳ մը. մեր խօսքը չի վերաբերիր այն լուրերուն, որոնք սկսած են յանկերգի պէս կրկնուիլ պատերազմին մասին, թէ՝ թուրք-ազերիական յարձակումները սաստիկ են, կը գործածուին իսկական վարձկաններ, միջազգային համաձայնագիրներով արգիլեալ զէնքեր, կը թիրախաւորուին քաղաքային շրջաններ՝ հիւանդանոց-մայրանոց, եկեղեցի, դպրոցներ ու մշակութային կեդրոններ, մանր ցեղասպանութիւն մը ընթացք առած է եւ հայկական կողմը կը պայքարի կասեցնել այդ բոլորը, կը պայքարի Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու էրտողանական ծրագիրին դէմ, կը պայքարի միջազգային ահաբեկչութեան դէմ: Այդ բոլորը ճիշդ են, կան մանրամասնութիւններու երկար ցանկեր ալ: Մեր միտքին մէջ ունինք ուրիշ յանկերգ մը, որ պէտք է օր ըստ օրէ աւելի՛ ուժգին հնչեցնենք եւ պահանջենք, որ աշխարհն ու, տարբեր ժողովուրդներ հասկնան անոր իսկական նպատակը, համապատասխան հակազդեցութիւն պարտադրեն իրենց երկիրներու կառավարական պատասխանատուներուն: Պէտք է տեսնեն եւ հասկնան, որ այսօրուան Թուրքիան դարձած է պատուհաս, ո՛չ միայն Արցախի ու Հայաստանի համար, այլ նաեւ՝ աշխարհի ու նոյնինքն ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ: Եւրոպական ոստաններ իրենց մորթին վրայ գրեթէ ամէն օր կը զգան թրքական պետական ահաբեկչութենէն ներշնչուած, անոր կողմէ ուղղակի եւ անուղղակի կերպով հրահրուած-հովանաւորուած ոճիրներու ցաւը: Տեղ-տեղ զգալի են արթնութեան նշաններ: Ֆրանսական եւ այլ քաղաքներու մէջ (մէկը Պէյրութն է), «Գորշ Գայլեր»ը օր ցերեկով հրապարակ կու գան ո՛չ միայն հակահայ մարտակոչերով, սպառնալիքներով, այլ օսմանական կայսրութիւնը աշխարհով մէկ տարածելու, ոճիրներու ճամբով աշխարհին տիրելու բառաչանքներով: Եւրոպան ու աշխարհը ո՛չ միայն պարտաւոր է դէմ կանգնիլ այս սպառնալիքին, այլ գործի անցնիլ՝ չորցնելու համար անոր արմատը՝ տարանջատել Թուրքիան եւ չէզոքացնել համաթուրանական ծրագիրները, այնպէս՝ ինչպէս 100 տարի առաջ տարբաղադրեց Օսմանեան Կայսրութիւնը, այնպէս՝ ինչպէս ձախողութեան մատնեց նացի-ֆաշական Հիթլեր-Մուսոլինի աշխարհակալութիւնը: Էրտողանի ու նմաններու Թուրքիան այսօր իսկ նման սպառնալիքներ կ’ուղղէ ամբողջ աշխարհին, որուն աչքերն ու ականջները պէտք է լայն բացուին անյապաղ: Ահա թէ ինչպիսի՛ սահմաններու պէտք է հասցնենք թուրք-ազերիական նախայարձակումին դէմ մեր պայքարին դաշտերն ու հորիզոնները, իսկ համախոհներ ու գործակիցներ գտնելը օր ըստ օրէ կը դիւրանայ, եթէ գտնենք զանոնք ի նպաստ աշխարհին օգտագործելու քաղաքա-դիւանագիտական բանալիները:
Ս. Մահսերէճեան