Հայ պարման-պարմանուհիները հայ գրականութեան անդաստան փոխադրելու, հայ բանաստեղծներու եւ առակագիրներու ընտիր գործերուն ծանօթացնելու եւ հայոց լեզուի հարուստ աւանդը անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ դրոշմելու համար, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Յովսէփ Ղազարեան» Գրական Յանձնախումբը կազմակերպեց ասմունքի դասընթացք մը,  հսկողութեամբ ընկհ. Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանի, մասնակցութեամբ ԱՔԵ ճեմարանի 8-րդ եւ 9-րդ կարգերու աշակերտներուն:
Համաճարակին պատճառով ձեռնարկը քանիցս յետաձգուեցաւ, սակայն աշխատանքի ընթացքին պատանիներն ու պարմանուհիները սիրով եւ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան բոլոր փորձերուն: Անոնց մնայուն ընկերակիցը դարձան հայ գիրքն ու հայ բանաստեղծը:
 Արդարեւ, Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2020-ին, ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս ամիսներու աշխատանքի արգասիքը հրամցուեցաւ ծնողներուն: Ասմունքի երեկոն  նուիրուած էր Արցախը պաշտպանող մեր քաջարի Հայոց Բանակին։
Ձեռնարկին ներկայ էին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, մասնակից աշակերտներուն ծնողները, հարազատները, ընկերները եւ բազմաթիւ արուեստասէրներ։
Բեմավարներ Ժիրայր Կարապետեան եւ Մելինէ Պէզճեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը:
 Յայտագիրը սկսաւ «Իմ Զինուոր Եղբայր» ոտանաւորով, զոր արտասանեց փոքրիկն Լալա Չափրազեան:
Բացման խօսքով յանձնախումբի անդամ Սոնա Ադամեան-Չալօղլեան անդրադարձաւ  ձեռնարկի նպատակին, ապա ըսաւ. «Երբ թուրքը եւ ազերին իրենց նորօրեայ սերունդները կը զինեն արեան եւ վայրագութեան մթնոլորտի մէջ, մենք մեր լուսաւոր սերունդները կը զինենք խօսքի, մշակոյթի եւ գիտութեան հզօր եւ անմաշ զինամթերքով: Այս գեղեցիկ ձեռնարկը արդիւնք է երկար եւ տքնաջան աշխատանքի ու քրտինքի, որոնց կը միանար զոհողութեան ոգին»:
Յայտագիրը բաղկացած էր երեք բաժինէ: 18 մասնակիցներ իրենց սորված բանաստեղծութիւնները հրամցուցին անթերի ասմունքով:
Այսպէս Յակոբ Շաքարեան, Արփի Արապանեան, Մարի Ռօզ Քէօշկէրեան, Սէրլի Ճենանեան, Լանա Համբարձումեան, Մինաս Վերտանեան, Նայիրի Չափրազեան, Աննա Մարիա Ասայեան, Եսթեր Կիւլտալեան, Նանոր Լախոյեան, Անի Պարոնեան, Շանթ Օգճեան, Մարինէ Պալապանեան, Արինա Պօշկեզէնեան, Սելա Աստարճեան, Աննա Պետրոսեան, Ներսէս Ալաճաճեան եւ Վարուժան Թորոսեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեցին արեւելահայ եւ արեւմտահայ մեծանուն բանաստեղծներէն պատառիկներ:
Աւարտին բոլոր մասնակիցները, գրական յանձնախումբի անդամներն ու ձեռնարկի  գեղարուեստական ղեկավար Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան ասմունքեցին Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն»ը, որմէ ետք մասնաճիւղի վարչութիւնն ու գրական յանձնախումբը որպէս երախտագիտական արտայայտութիւն ծաղկեփունջով եւ յուշանուէրով պարգեւատրեցին տիկին Տիքպիքեանը, ապա ասմունքի դասընթացքի մասնակից պատանիներն ու պարմանուհիները համապատասխան հաստատագիրներ ստացան:
Հուսկ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկեր Պերճ Պօղիկեան շնորհաւորեց մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, վարչութեան, յանձնախումբին եւ մանաւանդ տիկին Ռիթային, ինչպէս նաեւ ձայնային գործիքներուն հսկող Գալուստ Գալուստեանին՝ այս շահեկան ձեռնարկին համար ու ըսաւ. «Փափաքս է, որ նման նախաձեռնութիւններ կրկնուին եւ մեր սիրելի պարման-պարմանուհիները մշտապէս բեմերու վրայ տեսնենք եւ վայելենք այս ելոյթին արգասիքը»:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Քրիստ Գարամանեան