«Երկիր».-Արցախ տեղեկատուական շտապը տեսանիւթ հրապարակած է, ուր կ’երեւի, թէ ինչպէս հայկական ուժերու գործողութիւններուն հետեւանքով հակառակորդը փախուստի դիմած է Բերձորի լեռներէն:
Յիշեցնենք, որ 27 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի զինուժը լայնածաւալ յարձակում սկսած է Արցախի մէջ` թիրախաւորելով նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը: Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը թիրախաւորած է նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, որուն հետեւանքով Գեղարքունիքի մէջ զոհուած է 2 քաղաքացիական անձ, Արցախի մէջ զոհուած է 49 քաղաքացիական անձ, վիրաւորուած է 144 քաղաքացիական անձ:
Ատրպէյճանական զինուժի հրետակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած են արտասահմանեան, եւ տեղական լրատուամիջոցներու լրագրողներ: Հայաստանի մէջ եւ Արցախի մէջ 27 Սեպտեմբերին յայտարարուզծ է ռազմական դրութիւն:
Արդէն երեք անգամ յայտարարուած է մարդասիրական հրադադար, սակայն ատրպէյճանական զինուժը խախտած է: