Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2020-ի 31 թուակիր հրամանագիրը, որ կ’ընդգրկէ սուրիական բանակի ծառայութեան օրէնքին մէջ բարեփոխումներու մուծումը: Հրամանագիրին համաձայն, օտար երկիրներու մէջ գտնուող սուրիական բանակի պահեստի ծառայութեան կոչուածները կրնան փոխան զինուորարումի տուգանք վճառել: Ըստ Հրամանագիրին, այլ երկիր գտնուող իւրաքանչիւր պահեստի ծառայութեան կոչուածի կեցութեան ընթացքին համապատասխան գումարը կը սկսի 7000 ամ. տոլարէն: Իսկ Սուրիոյ մէջ ապրող պահեստի ծառայութեան չեն կոչուիր միայն մարմնային թերութիւններ ունեցողները, 3000 ամ. տոլարի փոխարէն։