Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին շուրջ։ Ասատ ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ այս հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ, մանաւանդ Դամասկոսի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու իրավիճակին շուրջ միջազգային խորհրդաժողովէն ետք։ Այս առիթով կ՛ուզեմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել Ռուսիոյ՝ այս նիւթին առնչութեամբ իր ցուցաբերած հետաքրքութեան համար։ Տեղահանուածներուն հարցը մարդկային լուրջ հարց մըն է մեր, ձեր եւ բազմաթիւ պետութիւններու համար, սակայն մեր պարագային, սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը ազգային մտահոգութիւն է։ Մենք, որպէս սուրիական կառավարութիւն, առաջնահերթութիւն կը համարենք յառաջիկայ փուլին տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել, յատկապէս բազմաթիւ շրջաններ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրուելէն ետք» ։ Ասատ շեշտեց, որ միջազգային խորհրդաժողովը այս հարցին մարդկային լուծման սկիզբն էր, աւելցնելով, որ բազմաթիւ տեղահանուածներ փափաք կը յայտնեն Սուրիա վերադառնալու եւ մենք Սուրիոյ մէջ յոյսով ենք, որ խորհրդաժողովի որոշումները ի գործ կը դրուին ամենամօտ ժամանակամիջոցին։ Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ բնականաբար տեղահանուածներու հարցը առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ մեզի համար, սակայն անհրաժեշտ է խորհրդաժողովի մասնակից կողմերը մեզի եւ ձեզի հետ գործակցաբար լուծում գտնեն այս հարցին։ Տեղահանուածներէն ոմանք ահաբեկիչներէն հեռանալու նպատակով տեղահանուեցան՝ հեռու մնալու համար սպանուելու սարսափէն, ոմանք ալ տեղահանութեան ենթակայ դարձան իրենց սեփական բնակարաններուն կամ բնակած շրջաններուն քանդումին պատճառով: Կարգ մը քաղաքներ, գիւղեր եւ շրջաններ անբնակելի դարձան պատերազմին հետեւանքով։ Նախագահ Ասատ աւելցուց. «Հիմնական հարցը այն է, որ Սուրիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ պարտադրուած են, հետեւաբար տեղահանուածները Սուրիա վերադառնալու համար ապրուստի հիմնական կարիքներ ունին, ինչպէս՝ ջուր, ելեկտրականութիւն, դպրոցներ եւ այլն… Կարելի է ըսել, որ ԱՄՆ-ի պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցները կը խոչընդոտեն տեղահանուածներուն տունդարձը»։
Նախագահ Ասատ եզրափակելով ըսաւ. «Յոյսով ենք, որ տեղահանուածներու տունդարձին գծով յառաջիկայ փուլին լուրջ քայլերու ձեռնարկենք։ Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր հետաքրքրութեան եւ Սուրիոյ կառավարութեան ձեր զօրակցութեան՝ թէ՛ ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմին մէջ, թէ՛ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ, եւ թէ տեղահանուածներու հարցին լուծման մէջ։