17 քաղաքական ուժեր միատեղ յայտարարութիւն տարածած են՝ հայկական երկու պետութիւններուն թուրքատրպէյճանական արարքին դիմակայելուն հետ առնչուած:
Յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝
«Հայ ժողովուրդը, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժեր, մեկտեղած են իրենց կարողականութիւնը՝ դիմագրաւելու հայկական երկու պետութիւններուն ուղղուած թուրքատրպէյճանական արարքը:
Պատերազմական այս օրերուն քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական ճակատներու մէջ բեկում մտցնելու յորդորով իշխանութիւններուն ներկայացուցած ենք բազմաթիւ առաջարկութիւններ՝ իրավիճակի շտկումին ուղղուած հանդիպումներու առաջարկներ, որոնք մնացած են անպատասխան եւ չիրագործուած:
Պատերազմը սաստիկ է, կորուստները՝ անդառնալի եւ ծանր: Որպէս պետութիւն եւ ժողովուրդ կանգնած ենք ճակատագրական հանգրուանի առջեւ, որ կը պահանջէ վճռական որոշումներ եւ գործողութիւններ: Մինչդեռ, քաղաքական իշխանութիւններուն ձեռնարկած քայլերը համարժէք չեն մեր ժողովուրդին ուղղուած գոյապահպանական սպառնալիքին:
Այս ընթացքին իշխանութիւնը ի ցոյց դրաւ իր բացայայտ անկարողութիւնը, ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները դիմակայելու անընդունակութիւնը: Մարդկային եւ տարածքային կորուստները, Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ առաջին կարգին Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ ոչ լիարժէք յարաբերութիւնները ակնյայտ դարձած են գործող իշխանութեան սնանկութիւնը:
Այս իրավիճակին ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն քաղաքական իշխանութիւնները, որոնք չձերբազատուեցան անսխալականութեան իրենց բարդոյթէն՝ հայկական երկու պետութիւնները կանգնեցնելով ծանր իրողութիւններու, իսկ Արցախը՝ նաեւ տարածքային լրջագոյն կորուստներու առջեւ: Ուստի, իշխանութիւնները զրկուած են հայ ժողովուրդին ներկայացնելու քաղաքական եւ բարոյական հիմքերէն։
Անդառնալի կորուստները կանխելու համար, կը պահանջենք՝
ստեղծուած աղէտալի վիճակին համար պատասխանատու վարչապետ Փաշինեանին եւ անոր կառավարութեան ժամ առաջ, ինքնակամ եւ անցնցում հեռացումը,
իրավիճակին մէջ բեկում մտցնելու կարողութիւն ունեցող եւ ռազմաքաղաքական հարցեր լուծող գործադիր իշխանութեան նոր մարմինի հրատապ ստեղծումը:
Սիրելի հայրենակիցներ,
օրհասական այս պահուն մեր պահանջը թելադրուած է հայկական երկու պետութիւններու լինելիութեան հրամայականով եւ վստահութեամբ, որ նոր իրավիճակին մէջ հայոց անկոտրում բանակն ու միասնական հայ ժողովուրդը ի զօրու են յաղթական ճեղքում ապահովել ռազմաճակատին։
1 «Ազատութիւն» կուսակցութիւն
2 «Ազգային Անվտանգութիւն» կուսակցութիւն
3 «Ազգային Օրակարգ» Կուսակցութիւն
4 «Ազգային Ժողովրդավարական Միութիւն» կուսակցութիւն
5 «Ազգային Համաձայնութիւն» կուսակցութիւն
6 «Ալիանս Առաջադիմական Ցենթրիսթական» կուսակցութիւն
7 «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն
8 «Դեմոկրատական Այլընտրանք» կուսակցութիւն
9 «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւն
10 «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն
11 «Համերաշխութիւն» կուսակցութիւն
12 «Հայաստանի Ժողովրդավարական Ազատական Միութիւն» կուսակցութիւն
13 «Հայաստանի Հանրապետական» կուսակցութիւն
14 «Հայաստանի Քրիստոնեա-Դեմոկրատական Միութիւն» կուսակցութիւն
15 «Հայրենիք» կուսակցութիւն
16 «Մէկ Հայաստան» կուսակցութիւն
17 «Սահմանադրական Իրաւունք Միութիւն» կուսակցութիւն