«Արմէնփրէս».- ՌԴ պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ռուսիան Իլ-76 ռազմաերթեւկային ինքնաթիռներով Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկած է 1 960 խաղաղապահ եւ 470 միաւոր թեքնիքա:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման վերահսկողութեան համար տեղակայուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմ ` 1 960 զինուորական ծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր ինքնամոպիլային եւ յատուկ թեխնիքա», ըսած են գերատեսչութենէն:
ՌԴ ՊՆ-ն աւելցուցած է, որ Ուլեանովսքի օդանաւակայանէն խաղաղապահներուն տեղափոխած են Իլ-76 ինքնաթիռներով: Զօրակազմի հիմքը կը կազմեն Կեդրոնական ռազմական օքրուկի 15-րդ առանձին մոտոհրաձգային խաղաղապահ ստորաբաժանումները:
Ինչպէս յայտնած են գերատեսչութենէն, ռազմական գործողութիւններու դադարեցման մասին համաձայնութիւններու պահպանման վերահսկողութեան համար ռուսական դիտակէտերը պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի երկայնքով եւ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը միացնող Լաչինի միջանցքի երկայնքով: Խաղաղապահ գործողութեան հրամանատարութիւնը պիտի տեղակայուի Ստեփանակերտ քաղաքի շրջանը»: