Քաղաքական ուժերու հետ իր նախաձեռնած քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջանակին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 10 Նոյեմբերին հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեանին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանին հետ:

Հանդիպումին անդրադարձ եղած է երկրի մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին, մասնաւորապէս` ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մասին Հայաստանի վարչապետի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ստորագրած յայտարարութեան ու անոր դրոյթներուն:
Հիմնական պատասխանատու համարելով գործող իշխանութիւնները` ՀՅԴ ներկայացուցիչները իրենց անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը արտայայտած են առկայ վտանգներու մասին, ներկայացուցած են ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման իրենց տեսլականը:
Ընդգծուած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան` իբրեւ համազգային նշանակութեան հարցի կարգաւորման շուրջ պէտք է ըլլայ համազգային հաւանութիւն:
Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է երկրի կայունութեան պահպանման, հասարակական համերաշխութեան եւ միասնականութեան կարեւորութիւնը:
Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն