ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործառոյթները, ներառեալ մշակութային եւ կրօնական վայրերու պաշտպանութեան հարցերը, տակաւին պէտք է յստակացուին, որովհետեւ անոնք նշուած չէին երկու (Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ) նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին միացեալ յայտարարութեան մէջ» ըսաւ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ աւելցնելով. «Չեն եղած նաեւ խօսակցութիւններ այն մասին, որ ռուս խաղաղապահները պէտք է պաշտպանեն նաեւ շրջանին մէջ մշակութային եւ կրօնական վայրերը»:
Ան նշեց, որ Լաչինի միջանցքին մէջ եւս պիտի տեղակայուին ռուս խաղաղապահներ եւ «ըստ այնմ՝ պիտի ապահովեն այս մայրուղիին գործառոյթները: Այլ նրբութիւններ տակաւին պէտք է յստակացուին»:
«Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն բանակցութիւններուն ընթացքին Ղարաբաղի մէջ ռուս-թրքական խաղաղապահ առաքելութիւն մը տեղադրելու մասին խօսք չէ եղած», յայտնեց Քրեմլինի խօսնակը՝ աւելցնելով, որ համագործակցութեան դաշտը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ եւ ոչ թէ Ղարաբաղի ու խօսքը հսկողութեան կեդրոնի մը մասին է», աւելցուց ան:
Յայտնենք, որ ռուս-թրքական հսկողութեան կեդրոնին շուրջ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրեցին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Հուլուսի Աքար եւ Սերկէյ Շոյկու։
Այս կը նշանակէ, թէ հակառակ Անգարայի պնդումներուն, Թուրքիա խաղաղապահ գործողութիւններուն ուղղակի պիտի չմասնակցի, այլ միայն կրակի դադրեցման հսկողութիւն պիտի կատարէ, ի հարկին Պաքուի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։
Փեսքով ներկայացուց խաղաղապահներու տեղակայման քարտէսը: Խաղաղապահները երկու գօտի պիտի ստեղծեն՝ հիւսիսային եւ հարաւային, ընդհանուր առմամբ՝ 16 դիտակէտներով, ներառեալ 6 դիտակէտներ՝ Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի գօտիին մէջ: Ստեփանակերտի եւ Մարտակերտի մէջ պիտի տեղակայուին հրաձգային գումարտակներ, իսկ խաղաղապահ առաքելութեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը պիտի ըլլայ Ստեփանակերտի մէջ:
Փեսքով նաեւ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա չմասնակցեցան Արցախի զինադադարի համաձայնութեան հասնելու հոլովոյթին: