Արցախը պատմութեան ընթացքին  տուած է  գրականութեան ականաւոր գործիչներ, գրողներ: Նշանաւոր հայագէտ Մալխասեանի վկայութեամբ մեր պատմահայրը՝ Մովսէս Խորենացի Արցախ ծնած է: Նոյնպէս պատմաբան՝ Մովսէս Կաղանկատուացին Արցախի ծնունդ է: Հայ մատենագրութեան հռչակաւոր դէմքերէն է Արցախցի Համամ Արեւելցուն (Առանշահիկ Տոհմի իշխան):
Արցախի գրական-գիտական կեանքի ամենափայլուն գործիչը Մխիթար Գոշն է, հայ եւ համաշխարհային իրաւաբանական մտքի հանճարեղ ծնունդ:
Արդարեւ, Մխիթար Գոշ իր «Դատաստանագիրք»ով միջնադարեան հայ գրականութեան մէջ առաջին անգամ մուտք կը գործէ ժողովրդական  բանարուեստի տեսակը՝ առակը, ազդարարելով գրականութեան աշխարհականացման նոր փուլ մը: Մխիթար Գոշի աշակերտած է  Վանական վարդապետ Տաուշեցին, որ իր կարգին ստեղծած է դպրոց եւ կրթած ու դաստիարակած բազմաթիւ աշակերտներ, որոնցմէ են՝ Վարդան Արեւելցին, Կիրակոս Գանձակեցին, Գրիգոր  Ակներցին, Ստեփանոս Օրբելեանը եւ Մխիթար Այրիվանեցուն: Տպաւորիչ է Մնացակեանի խօսքը. «Մատենագիրներու այս հոյլը եւ անոր կրթական օճախները կը կազմեն այդ ժամանակուան հայ դպրութեան փառքը»:
Արցախի Փառիսոս գաւառի մշակութային միջավայրի ծնունդ է  նաեւ Յովհաննէս Սարկաւագը,  որը յատկապէս լայն ճանաչում ստացած է իր «Բան Իմաստութեան» բանաստեղծութեամբ, որուն նիւթը արուեստի ակունքներու խնդիրն է:
Հայ նշանաւոր վիպասան Րաֆֆիի հայրը՝ Մելիք Միրզաբեկովը Արցախի Մելիքներու տոհմէն է, որ ընտանիքով տեղափոխուած է Պարսկաստան: Պատահական չէ, որ Րաֆֆիի ստեղծագործութիւնները մեծամասնութեամբ կը նկարագրեն Արցախի կեանքը:
Շուշիի մէջ ծնած է նաեւ մեծանուն Մուրացանը: Ան իր գրած «Ռուզան» եւ «Խորհրդաւոր Միանձնուհի» հատորներուն նիւթերը քաղած է իր ծննդավայրէն: Այս լեռնաշխարհի ծնունդ են նաեւ յեղափոխական բանաստեղծ Յակոբ Յակոբեանը (Մարտակերտ), երգիծաբան Կոնստանդին  Մելիք Շահնազարեանը (Խաչան), Սողոմոն Մելիք Շահնազարեանը, Գրիգոր Ներսիսեանը, Գուրգէն Բորեանը (Շուշեցի), Աշոտ Գրաշին (Մարտունի շրջան), Սամուէլ Գրիգորեանը, Միքայէլ Յարութիւնեանը, Սարգիս Աբրահամեանը, Բագրատ Ուլուբաբեանը եւ շատ ուրիշներ: Ստեփանակերտի ծնունդ է գրող, ճանապարհորդ, բժիշկ, հրապարակախօս Զորի Բալայեանը:
    Արցախի  նշանաւոր պատմաբաններէն կը յիշենք Լէօն (Առաքել Բաբախանեան) եւ Աշոտ Յովհանէսեանը (երկուքն ալ շուշեցի): Լէոյի գրիչին կը պատկանին հայ ժողովուրդի պատմութեան  տասը ծաւալուն հատորները, որոնց մէջ ան  հանգամանօրէն ներկայացուցած է  նաեւ Արցախի պատմութիւնը:
    Հայ Գրականութեան զարգացման գործընթացքին մէջ զգալի ներդրում ունեցած են արցախցիներ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտորներ՝ Գուրգէն Յովնանը, Առաքել Առաքելեանը, Գուրգէն Անտոնեանը, Սեւակ Արզումանեանը, Սերգէյ Սարինեանը եւ Սերգէյ Աբրահամեանը: Իսկ  հայ մամուլի պատմութեան լուսաբանման հարցերուն նուիրուած հսկայ աշխատանք տարած է Սմբատ Աւագեանը:
  Յիշեցինք գրականութեան բնագաւառէն ներս Արցախեան ծագում ունեցող նշանաւոր գրողներու անունները: Խորհրդանշական է, որ  5-րդ դարու  սկիզբը Մեսրոպ Մաշտոց Ամարասի մէջ հիմնած է Արցախի առաջին դպրոցը: Այնուհետեւ, մինչեւ 15-16-րդ Ամարասը կը մնար որպէս մշակութային աշխոյժ կեանքով ապրող կեդրոն:
Աշխատասիրեց
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան