Օրէ օր աւելի կը յստականան այն պայմաններն ու մանրամասնութիւնները, որոնք հայութեան բաժին կ’իյնան Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած համաձայնագիրով: Համաձայնագիրին մասին նոյնինքն վարչապետին յայտարարութենէն աւելի քան 24 ժամ ետք, հրապարակի վրայ է քարտէզ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ հայկական կողմին կը մնայ շուրջ 2.000 քառ. քլմ. տարածութեամբ հողամաս մը, «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ»ին ամբողջ հարաւն ու ծայրամասերէն որոշ շերտեր կը մտնեն ազերիական հակակշիռի տակ, ականատես կ’ըլլանք, թէ ռուսական խաղաղապահ ուժերու 16 դիրքերը ի՞նչ ձեւով տեղադրուած են: (Կը յուսանք, որ այս քարտէզը վերջնական չէ):
Եթէ կայ որեւէ հայ, որ չ’անդրադառնար, չի գիտակցիր, թէ 10 Նոյեմբերը ինչպիսի՛ խորքով սուգի օր է մեզի համար, կը նշանակէ, թէ ինքզինք խզած կը պահէ դառն իրականութենէն (հոգեբաններ կ’ըսեն, որ մարդիկ ժամանակ կ’ուզեն՝ իրազեկ դառնալու ահաւոր աղէտի մը տարողութեան, «մարսելու» զայն): Իսկ ան՝ որ իրազեկ է դաժան իրականութեան, դժուարութիւն պիտի չունենայ տեսնելու, որ այս համաձայնագիրը շատ աւելի ծանր՝ հեռահաս վտանգներ կը բերէ, քան ինչ որ կը փորձեն ներկայացնել զայն ստորագրողը, անոր համամիտ եղողն ու այս կամ այն ձեւով զայն արդարացնել փորձողները:
Երկու օրէ ի վեր, մեր ժողովուրդը արդար ընդվզում կ’ապրի: Ամէն ժամ, ամէն վայրկեան հրապարակ կու գան մեկնաբանութիւններ. ոմանք ստեղծուած ողբերգութեան միակ պատասխանատուն կը նկատեն վարչապետն ու անոր գլխաւոր գործակիցը՝ Արցախի նախագահը. վերջինները հակայարձակումի անցած են եւ համախոհներ ալ ունին, ըսելով, որ եղածը չարեաց փոքրագոյնն է, պատասխանատուութիւնը կը բաշխուի շատերու վրայ, մեր կրած կորուստներուն արմատները պէտք է փնտռել անցեալ տասնամեակներուն գործուած սխալներուն մէջ, եւ այլն (կարծես թէ կ’արդարանայ այն խօսքը, թէ սխալը եթէ ադամանդաշար մանեակ ալ ըլլայ, ո՛չ ոք կ’ուզէ զայն վիզէն կախել): Իւրաքանչիւր կողմ կը հիմնաւորէ կամ կը փորձէ արդար հիմնաւորում գտնել իր քննադատականին եւ պաշտպանողականին համար, առանց որ այդ բոլորը կարենան բան փոխել դառն իրականութենէն: Կը թուի թէ անհեթեթութիւնը մրցումի ելած է իրականութենէն խոյս տալու ճիգերուն հետ, չենք տեսներ, կամ չենք ուզեր տեսնել, որ եթէ Փաշինեան ստորագրած է համաձայնագիրը միայն զինք ու իր գործակիցները չէ որ պարտութեան մատնած է, այլ ամբողջ Հայաստանն ու Արցախը, ամբողջ հայութիւնը, ներառեալ՝ Սփիւռքը:
Հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն ու հարցական կը մնան անպատասխան (իսկ 10 Նոյեմբերի ԱՔՏէն ետք, ի՛նչ պատասխան կամ արդարացում ալ տրուի, կը կազմէ անհեթեթի թատրոնին մէկ նոր արարը): Օրինակ, հարց կը ծագի, թէ վարչապետը ինչո՞ւ ինքնագլուխ գացած է այս որոշումին, ինչո՞ւ հանրապետութեան նախագահը կամ այլ պատասխանատուներ հաղորդ չեն պահուած նախօրօք (պատճառ ունի՞նք չհաւատալու, որ նախագահ Սարգսեան մամուլէն իմացած է համաձայնագիրին ստորագրումը…), ճի՞շդ են այն նշումները, թէ այս իշխանութիւնը ո՛չ թէ պատերազմի պայթումէն ետք, այլ անկէ շա՜տ առաջ, առ նուազն այս տարեսկիզբէն ի վեր պէտք էր ԲՈԼՈՐ ԳԻԾԵՐՈՒՆ եւ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՒՆ վրայ լարեր իր ճիգերը, երբ ամէն օր սպառնալիքներ եւ վերջնագրիներ կը հնչէին Պաքուէն ու անոր տէր-տիրական Անգարայէն, երբ արձանագրուեցաւ Տաւուշի «նախաճաշակ»ը, Նախիջեւանի թուրք-ազերիական լայնածաւալ ռազմափորձը, երբ որոշ մայրաքաղաքներէ քողարկուած «պատգամներ» ուղղուեցան Հայաստանին: Կայ աւելին: Արդեօք Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ սա՝ ո՛չ միայն վերջին 2,5 տարիներուն, այլ Ապրիլեան պատերազնէն ետք, անկէ ալ առաջ, արդեօք չէի՞ն տեսներ, թէ ի՞նչ կ’անցնի-կը դառնայ Սուրիայէն ու Իրաքէն մինչեւ այլ շրջաններու մէջ, նշաններ կային, որ «տաք գօտին» կրնար ուշ կամ կանուխ հասնիլ Կովկաս: Մինչդեռ, մեր ճիգերն ու բանակռիւները առատ նիւթ ունէին ներքին բեմին վրայ, իսկ համաճարակն ալ եկաւ աղ-պղպեղ աւելցնելու խառնարանին: Յետոյ, արդեօք իսկապէս կարելի չէ՞ր կանխել շատ բան, այլ ի սկզբանէ դատապարտուած էինք մնալու Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան մէկ խաղալիքը, այսինքն, ի՛նչ ալ որ ընէինք, անկարելի պիտի ըլլար անվնաս դուրս գալ անմիջականօրէն՝ ռուս-թրքական յարաբերութեանց վերիվայրումներէն…: Վերջապէս, ի՞նչ կրնար ըլլալ հետեւանքը, եթէ ստորագրուած չըլլար 10 Նոյեմբերի համաձայնագիրը: Հիմա ո՞ր տոպրակին մէջ պիտի դնենք աշխարհի այս կամ այն շրջանէն՝ Արցախի ճանաչման ի նպաստ հնչած իրական ձայները…
***
Կրկնենք: Հիմա, երբ դէմ յանդիման ենք դաժան իրականութեան, երբ աւելի քան ամիս մը «յաղթելու ենք, կը յաղթենք» գօտեպնդող ալիքները երկու օրուան մէջ մեր ետին մնացած են ու ԱԶԳՈՎԻՆ կ’ապրինք պատրութեան մորմոքը (անիմաստ է վէճի մտնել այն մանկունակ կարծիքին հետ, թէ պարտուած չես, այնքան ատեն որ պարտուած չես զգար. Այդպէս զգալը լաւ է, սակայն գիտենք, որ անիկա այրած սրտի ինչպիտռսի՜ մխոթարանք է, «չի քալեր» իրական աշխարհին մէջ), ամէն մեկնաբանութիւն, ամէն հաւանական բացատրութիւն կամ նոր հարցականներ կարծէք թէ կ’իմաստազրկուին: Վաղը կրնան նոր իրականութիւններ ալ ի յայտ գալ, ուրեմն, կարելի է աւելի լայն եւ փաստացի տուեալներով քննարկել եղածին սահմանադրական, իրաւական եւ հազար ու մէկ երեսը:
Ամէն բանէ առաջ, եւ ամէն բանէ աւելի, իրաւունք չունինք անտեսելու, արհամարհելու եղածին մէկ հիմնական կէտը, ալ ո՜ւր մնաց, որ փորձենք արդարացում փնտռել ու գտնել անոր: Իրականութիւնը, ՊԱՏՄԱԿԱՆ եւ ԻՐԱՒԱԿԱՆ (միջպետական յարաբերութեանց մակարդակին վրայ) իրականութիւնը այն է, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ Է ՎԱՒԵՐԱԹՈՒՂԹ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՀԻՄԱՄԲ ԱՐՑԱԽԸ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ: Սա մերկ իրականութիւն մըն է, չի կրնար ծածկուիլ թզնենիի ամէնէն մեծ տերեւով ալ: Մինչդեռ, մինչեւ օրս, մենք դրօշակիր վերածած էինք եւ միջազգային բեմին վրայ Արցախի դատը հետապնդելու փաստ մը ունէինք, որ հայը՝ իր Արցախով եւ Հայաստանով, ԻՆՔՆԱԿԱՄ կերպով Արցախն ու Նախիջեւանը չէին յանձնած Ատրպէյճանին: (Իսկ ոմանք կը փորձեն մեզ համոզել, թէ Սեւրը հետապնդելն ալ անհեթեթ է…): Արդարօրէն, աշխարհին յիշեցուցած էինք, որ մօտաւորապէս 100 տարի առաջ, Ստալին կոչուած եւ այսօր աշխարհէն, նոյնինքն ի՛ր Խորհրդային Միութենէն մերժուած բռնատէր մը ԿԱՄԱՅԱԿԱՆ եւ ՇԻԼ ՀԱՇԻՒՆԵՐՈՎ այդ հողերը նուէր տուած էր Ատրպէյճանին: Արցախեան Շարժումին առաջին օրէն իսկ, նաեւ՝ բանակցութեանց ամբողջ տեւողութեան, կրկնած ու պաշտպանած էինք մեր այն դիրքը, թէ Արցախը ինքզինք Ատրպէյճանէն անկախ հռչակած էր Խորհրդային Միութեան փլուզման առաջին օրէն իսկ, ամուր կառչած էր ինքնորոշման, իր ճակատագիրը տնօրինելու բանակցութիւններուն լիարժէք մասնակցելու իրաւունքին: (Դեռ չենք խօսիր «Արցախը Հայաստան է ու վերջ» արդար յայտարարութեան, կամ Արցախի հողերուն ամբողջականութիւնը պահպանելու անոր նախագահի երդումին մասին): Մօտաւորապէս 30 տարի առաջ, Արցախը ազատագրած էինք քայլ առ քայլ, տուած էինք Եռաբլուր մը եւ աւելի նահատակ, հիմա ալ նոր Եռաբլուր մը ունինք արդէն…: (Անշուշտ արդարօրէն պիտի ըսուի, որ այսօրուան իրականութիւնները բոլորովին տարբեր են, աւելցած է Թուրքիոյ գործօնը, իբրեւ էթ Թուրքիան երէկ քնացած էր. իսկ թէ մե՛ր իրականութիւնները ինչո՞ւ քայլ չեն պահած «նորութիւններուն» հետ, այլ յայտնապէս նահանջ արձանագրած են՝ քննարկելի առանձին հարց է): Եւ ահա, Հայաստանի ճանչցուած իշխանութիւնը, ժողովուրդին կողմէ ինչպիսի՛ արդար յոյսերով եւ ակնկալութիւններով տեղ հասած իշխանութիւնը, առնելիք բոլոր որոշումները զինք իշխանութեան հասցուցած ժողովուրդին կամքին համաձայն տալու, թափանցիկ աշխատելու խոստում տուած վարչապետը, նաեւ՝ նոյնինքն Արցախի մէջ քանի մը ամիս առաջ ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէով իշխանութեան հասած նախագահն ու իրեն գործակից խմբակը, ձեռք ձեռքի տուած, պատմական փաստաթուղթ մը կու տան մեր թշնամիին, փաստաթուղթ՝ որ աննախընթաց է մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, իսկ անոր աղէտալի հետեւանքները պիտի զգանք կարճ ժամանակ ետք, ի՛նչ որ ալ ըլլան Հայաստանի քաղաքական կեանքի զարգացումները: Մինչեւ իսկ եթէ ծայր տուած ժողովրդային շարժումը վաղը-միւս օր տեղ հասնի, Հայաստանի իշխանութիւնը, ի՛նչ գոյն կամ անուն ալ ունենայ, իր սեղանին վրայ պիտի ունենայ այս համաձայնագիրին վաւերական փաստը:
***
Ուրեմն, վաղը՝ ի՞նչ:
Անմիջականօրէն, Արցախի մնացորդը կրնայ վաղը մատնուիլ Նախիջեւանի ճակատագիրին: Ատրպէյճան տարիներէ ի վեր կը խօսի «շուրջ մէկ միլիոն գաղթականի տունդարձի իրաւունք»ին մասին, մեր վարչապետը բանակցութեանց նորագոյն փուլին հրապարակ եկաւ բարեմիտ գիւտով մը, թէ՝ Արցախի ճակատագիրը պէտք է որոշուի հայութեան եւ ազերի ժողովուրդներուն համամտութեամբ…: Փաստօրէն, Մինսքի խմբակն ու միայն բանակցութեանց ճամբով հարցին լուծումը հետապնդելու տարիներու ուղին (առայժմ) պատմութեան անցած են: Արայիկ Յարութիւնեան բարեմիտ կերպով կոչ կ’ընէ, որ արցախցիք վերադառնան, վերաշինեն քանդուածը, անոնց տնտեսական եւ այլ կարիքները պիտի ապահովուին, սակայն իր դիմաց կը գտնէ այլ դաժան հաւանականութիւն մը, այն՝ որ փոքրացած եւ պաշտպանական ուժերէ զուրկ Արցախ մը չի կրնար երկար գոյատեւել 10 Նոյեմբերի համաձայնագիրով մեզի «շնորհուած» պայմաններուն մէջ (իսկ թէ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբան, որ իրողապէս առաջին քայլն է 90-ական տարիներուն, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի լուռ համաձայնութեամբ հայութեան հրամցուած ընտրանքին, ի՞նչ զարգացումներ կրնայ ապրիլ ի վնաս մայր Հայաստանին՝ նմանապէս այլ հարց է):
***
Մէկ խօսքով, եթէ այսօր կ’ապրինք մէկ տարբերակը, անգա՛մ աւելի վատ տարբերակը՝ ստալինեան պատմական կամայականութեան, անկարելի է մտածել, թէ ամէն բան կորսուած է, մեր նահանջը մտած է իրաւական եւ իրողական անդառնալի ճամբու մէջ:
Թող սին հրետորութիւն չդիտուի, եթէ ըսենք, որ Հայաստան եւ Արցախ, նա՛եւ ամբողջ հայութիւնը այսօր կը կանգնին շատ աւելի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց, քան ինչ որ էին վերանկախացման ու արցախեան առաջին պատերազմին ու անոր յաջորդած ճակատումներուն մարտահրաւէրները: Համաթուրանական ծրագիրը անգամ մը եւս կախուած է մեր գլուխներուն վերեւ, կը սպառնայ Արցախի մէջ 10 Նոյեմբերին սկսած նահանջը յառաջ տանիլ նոր քայլերով: Այս մարտահրաւէրները կը պահանջեն, նախ եւ առաջ, վերադասաւորում մեր ուժերուն, զէնքի կողքին՝ քաղաքական-դիւանագիտական կարողութիւններուն, հայրենի եւ ամբողջ Սփիւռքի կարողականութեանց (իր արեւելեան ու արեւմտեան բանակներով): Ինչպէս պատերազմի օրերուն ու անկէ առաջ, 10 Նոյեմբերէն ետք ալ, հայը չի կրնար չկանգնիլ մեր ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ու անոր պաշտպան ՊԱՆԱԿԻՆ կողքին: Մարտահրաւէրը կը պահանջէ, որ բոլոր մակարդակներու եւ գիծերու վրայ զարգացում եւ յառաջացում արձանագրենք: Եթէ վերանկախութեան օրերուն նախակրթարանի աշակերտ էինք, ու եթէ կը կարծենք, թէ վերջին տարիներուն վերադարձած ենք մանկապարտէզ, հիմա աշխատինք եւ հասնինք համաշխարհային քաղաքականութեան համալսարանը: Եթէ բարեկամներ չունիք կամ կորսնցուցած ենք, աշխատինք վերականգնել կամուրջները, արշաւին մէջ գրաեւենք մեր բոլոր կարողութիւնները, «հիներն» ոպ «նորերը», բայց մանաւանդ լրջօրէն եւ քաղաքական-ռազմավարական զգօնութեամբ հետեւինք մեր անմիջական շրջակայքի ու մեզ շահագրգռող՝ հեռաւոր շրջաններու զարգացումներուն, ըստ այնմ մշակենք մեր ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը:
Ո՞վ կ’ըսէ, թէ այսօրուան իրավիճակը վերջնական է ու մնայուն: Աւելի քան 30 տարի առաջ, ո՞վ կ’ըսէր, թէ Խորհրդային Միութիւնը կրնար փուլ գալ, իսկ 101 տարի առաջ հազիւ թէ կ’անդրադառնայինք, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը պիտի քայքայուի նոյնինքն անոր դաշնակիցներուն նախաձեռնութեամբ…: Պէտք է ՀԱՍԿՆԱՆՔ իմաստը այն խօսքին, թէ քաղաքական կեանքի մէջ միակ անփոփոխ բանը՝ փոփոխութիւնն է, որ կրնայ նպաստաբեր կամ աննպաստ ալիքներ բերել նաւարկողին:
10 Նոյեմբերի համաձայնագիրը ողբերգութիւն է: Մեզի կը մնայ որոշել (եւ ըստ այնմ գործել), թէ անիկա մեր պատմութեան մէջ յաջորդական վերջակէտերո՞ւ մեկնակէտը պիտի ըլլայ, թէ զայն պիտի վերածենք ջնջելի ստորակէտի մը: Մենք ո՛չ առաջինն ենք, ո՛չ ալ պիտի ըլլանք վերջինը, որ դաժան նահանջներէ ետք, մտածած են «սեղանը շրջելու» մասին, եւ յաջողած են: Փաստ՝ Արցախեան պատերազմի առաջին փուլին յաղթական ելքը, իսկ անկէ շատ առաջ՝ Սարդարապատն ու այլ վճռորող հանգրուաններ: Մեր պատմութիւնը նահանջներով ու պարտութիւններով չէ կերտուած, այլ նաեւ փաստացի յաղթանակներով:

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ
11 Նոյեմբեր 2020