14 Նոյեմբերին ժամը 18:00-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ մեկնարկած է հայրենիքի համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի մոմավառութեան արարողութիւնը:
Մոմավառութիւնը կազմակերպած են խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 16 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Հազարաւոր քաղաքացիներ վառած մոմերը դրած են Ազատութեան հրապարակի աստիճաններուն վրայ եւ երթով գացած են դէպի Մատենադարան, ուր տեղի ունեցած է լռութեան եւ խոնարհումի ոգեկոչման արարողութիւն: