14 Նոյեմբերին, մոմովառութեան երթի աւարտին Մատենադարանի մօտ իր ելոյթին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան յայտնեց, որ այսօր հաւաքուած ենք այստեղ յիշատակելու մեր քաջ նահատակները, զինուորներն ու սպայական կազմը:

«Վստահ եղէք, որ անհաւասար մարտին մէջ մեր քաջ բանակը, քաջ հերոս տղաքը քանի մը անգամ կորուստ պարգեւած են անոնց: Մեր քաջերը խեղճ մատաղացու չեն եղած, սա 1915 թուականը չէ եղած: Մեր քաջերը արժանի պատասխան տուած են: Անհաւասար մարտով, երբ մեր բանակը, անձամբ ես առաջին օրերէն սկսեալ, այն կորուստները, որ ես տեսայ, մտածեցի, որ մէկ շաբաթ յետոյ մեր բաակը կը կազմալուծուի, չի դիմանայ այդ հարուածին: Բայց փառք ու պատիւ մեր գեներալներուն, որոնք մօտակայ կռիւի մէջ մտնելով, զինուորին իրենց կուրծքով պաշտպանելով կրցան օրինակ ծառայել եւ պաշտպանել: Հազար փառք 18-20 տարեկան զինուորներուն եւ կամաւորական տղոց, որոնք տունը չնստան, գացին սահմանները պաշտպանելու:
Այսօր մենք խեղճանալու, գլխիկոր քալելու առիթ չունինք: Պարտուած ենք, ցաւ է, մենք զինադադարի յաջորդող պահէն ճիշդ չենք պատրաստուած: Մեր նահատակները մեզի հրամայած են, վաղուընէ պէտք է պատրաստուինք, այնքան ուժեղ ըլլանք, որ որեւէ թշնամի չհամարձակի ոտնձգութիւն ընել», ըսաւ Տարօն Տօնոյեան:
«Խորապէս կը խոնարհին այն բուժքոյրերուն առջեւ, որոնք վիրահատականի սեղանը չէին լքած, վազէին տեսնէին իրենց վիրաւոր երեխային բերեն, թէ չէ: Խորին խոնարհութիւն այն զինուորին, որ հրամանատարը զանգեց ըսաւ` բժիշկ, քու հարազատդ հոս է, չ’ենթարկուիր հրամանին, ըսած են` Հադրութի վաշտը դուրս պիտի գայ: Ըսի, հեռախօսը փոխանցեցէք իրեն, ըսի` Նարեկ ջան, դուրս պէտք է գաք, արդէն գրեթէ շրջափակման մէջ էք: Ըսաւ` 70 հոգի էինք, մնացած ենք 27-ը, մենք այդ տղոց երդում տուած ենք, որ այստեղ չենք ձգեր: Մենք այսպէս հերոս տղաք ունինք: Այդ տղաքը մեզի հրամայած են` երբեք չխեղճանաք, երբեք ոչ մէկուն միտքով չանցնի` գաղթի ճանապարհը բռնվ եւ աւելի բարեկեցիկ կեանք փնտռէ: Մնանք, հզօրացնենք, կառուցենք այն երկիրը, որուն համար զոհուեցան մեր երեխաները: Անոնք երեխաներ չէին, հասուն քաջեր էին, կազմաւորուած, հերոս, կրակներուն տակ իրենց վիրաւոր ընկերներուն հանող, պատիւով արժանապատիւ քաջ տղաք էին:
Սիրելի որդեկորոյս մայրեր, ծանր վիշտի առջեւ ենք, բայց ես լիայոյս եմ` մենք ոտքի պիտի կանգնինք եւ օր մը այսպէս բռունցքուած թշնամիին գանգին պիտի տանք ու պէտք է վերադառնանք մեր Շուշի, Հադրութ, Սղնախ, Բերդաձոր: Սա է մեր զոհերուն հրամայականը: Այսօր ոգեկոչման օր է, նոր օր է ուժ առնելու, մեր մէջքը ուղղելու, ամէն օր ազնիւ պիտի աշխատինք», ըսաւ ան: