«Արմէնփրէս».- ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ 14 Նոյեմբերէն սկսեալ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է 1207 մարդ, որոնք աւելի ուշ լքած էին իրենց բնակավայրերը մարտական գործողութիւններու պատճառով:
«16 Նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած է 482 մարդ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: