Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս
Մեծարգո՛յ տիար Արմէն Սարգսեան,
10 Նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ պատերազմը դադրեցնելու մասին եռակողմ ամօթալի համաձայնագիրին ստորագրումը մեզի համար կամաւոր պարտութեան արտայայտութիւն էր:
Ի սկզբանէ յայտնի էր, որ նման պարտուողական եւ նուաստացուցիչ պայմաններով համաձայնագիր մը չի կրնար ընդունելի ըլլալ հայ ժողովուրդին կողմէ, չ’երաշխաւորեր Արցախի հայութեան ամէնէն տարրական իրաւունքները, Արցախի մշակութային բազմադարեայ կոթողներուն պահպանումը: Պատմութիւնը եւ ներկան կը վկայեն թուրք եւ ազերի ցեղերուն բարբարոսութիւնները, եւ անոնց կողմէ հայութեան կեանքին, քաղաքակրթութեան, մշակոյթին ուղղուած մնայուն սպառնալիքներուն մասին: Ուստի բնականաբար նման խայտառակ համաձայնագիրի մը տակ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ստորագրութիւնը ցասում եւ ընդվզում պիտի յառաջացնէր մեր բոլորին մօտ:
Կը մերժենք մեր իրաւունքները ոտնակոխող, մեր հերոսներուն թափած արիւնը արհամարհող, մեր ժողովուրդը նուաստացնող, զինք անտուն, անպատսպար դարձնող, ապա նաեւ մեր հայրենիքն ու մշակութային հարստութիւնները վտանգի երթարկող այս համաձայնագիրը:
Վարչապետը մեր իրաւունքներուն ամրօրէն կառչած, դիւանագէտ բանակցողի դիրքերէ չներկայացաւ եռակողմ այդ համաձայնագիրը պատրաստող հանդիպումներուն: Ան տէր չդարձաւ արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ հողեր նուիրելով թշնամիին տնազուրկ դարձուց հարիւրաւոր արցախցի ընտանիքներ, նահատակներու մայրեր ու զաւակներ: Օրեր անց միայն, արդէն ականատեսը կ’ըլլանք թշնամիին մեր մշակութային կոթողները սրբապղծող արարքներուն:
Յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է վարել բարդ բանակցութիւններ, որոնք կարելիութիւն կրնան ընձեռել այս անյոյս իրավիճակը որոշակիօրէն սրբագրելու:
Համազգային մեր բողոքի արտայայտութիւնը այս նպատակին հասնելու միջոցներ, բարդ հարցերու լուծման ուղիներ գտնել է՝ յանուն մեր ժողովուրդի փրկութեան:
Հաստատելով, որ ստեղծուած ճգնաժամի գլխաւոր մեղաւորը Հայաստանի գործող իշխանութիւններն են, որոնք պատերազմի առաջին իսկ օրերէն փաստեցին իրենց անհեռանկարային մարտավարութիւնը եւ կացութեան լուծում գտնելու համարժէք ծրագիր չունենալը, մենք եւս մեր բողոքի եւ ցասումի ձայնը կը բարձրացնենք, միանալով Երեւանի մէջ բողոքի ելած մեր հազարաւոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ պահանջելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը եւ անցնցում հեռացումը իշխանութենէն:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Սուրիոյ Շրջ.Վարչութիւն
Հալէպ
16 Նոյեմբեր 2020