Մեծարգո՛յ 
Տիար Արմէն Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս
10 Նոյեմբերին ստորագրուած Արցախի մեր պատմական հողերուն մեծ մասը  նուաստացուցիչ պայմաններով թշնամիին յանձնելու եւ արցախահայութիւնը անհայրենիք ձգելու համաձայնագիրը ցնցեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը:
Համաձայնագիր մը, որ անակնկալօրէն, առանց ժողովուրդին, մեր քաղաքական ուժերուն,  նոյնիսկ ՀՀ նախագահին իմացութեան, գաղտնի բանակցութիւններու ճամբով, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միանձնեայ պատասխանատուութեամբ թշնամիին յանձնեց հայ ժողովուրդի 30 տարիներու պայքարով, հայ ազատամարտիկներու արիւնով, համայն հայութեան զօրակցութեամբ ազատագրուած ու ազգային ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքով անկախ հանրապետութիւն դարձած Արցախի մեծ մասը, ընդունելով թշնամիին միակողմանի բոլոր պայմանները, վտանգելով ոչ միայն արցախահայութեան, այլեւ Հայաստանի հայութեան ապահովութիւնը, ի սպառ կորուստի մատնելով արցախահայութեան իրաւունքները։
Տարիներ շարունակ Արցախը հայաթափելու թուրք-ազերիական նկրտումները այսօր կ’իրականանան մեր հայրենիքի վարչապետին մեղսակցութեամբ:
Այս համաձայնագիրը արդիւնք էր Հայաստանի իշխանութիւններու վերջին տարիներու անխոհեմ քաղաքականութեան, տարածաշրջանային իրադարձութիւնները եւ սպառնալիքները չըմբռնելուն եւ հայ քաղաքական ուժերու միասնակամութիւնը ազգային առաջնահերթութիւն չհամարելուն:
ՀՄԸՄ-ը Արցախի մէջ մասնաճիւղ հիմնեց եւ Արցախի վերջին գոյապայքարին նահատակներ տուաւ, Արցախը ազատ եւ անկախ պահելու եւ անոր միջազգային ճանաչումը ապահովելու նպատակով:  Նահատակ ցեղի պայքարունակ ոգին կրող եւ «Բարձրաձի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանով առաջնորդուող ՀՄԸՄ-ականին համար անընդունելի է հայը նուաստացնող, անոր հպարտութիւնը նսեմացնող, զինք հայրենիքէն բռնի կերպով հեռացնող իւրաքանչիւր քայլ:
Ուստի, խստիւ դատապարտելով Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած պարտուողական գործարքը  եւ հայ ժողովուրդը պառակտող ու նուաստացնող քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ այս օրերուն մեր ժողովուրդի արդար ցասումին ձերբակալութիւններու սպառնալիքով վերջ տալու ամօթալի փորձերը, կը պահանջենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն
Հալէպ
16 Նոյեմբեր 2020