Մեծարգո՛յ
ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս 
Տիար Արմէն Սարգսեան
Յարգելի՛ Հիւպատոս,
Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր համայն հայութիւնը, աշխարհով մէկ, իր ամբողջ էութեամբ պայքարեցաւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած, Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութեամբ ու Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած լայնածաւալ յարձակումներուն դէմ։ Տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով վնասուեցան մեր հազարամեայ մշակութային կոթողները, եկեղեցիները, մանկատուները ընդ որում ՀՕՄ-ի ջանքերով Արցախի ողջ տարածքին կառուցուած ՍՕՍԷ մանկապարտէզներու կառոյցները, անտէր ու անտուն թողելով հարիւրաւոր անպատսպար երեխաներ։
40 օրերու վրայ երկարող ճակատագրական այս օրերուն, ընդառաջելով Հայ Օգնութեան Միութեան կոչին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, իր մասնաճիւղերով ու խաչուհիներու անսակարկ նուիրումով, փութաց իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերելու յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան իրենց արիւնը հեղած մեր ազատամարտիկներուն, Հայոց բանակին եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն։
Իրավիճակը աւելի քան ծանր էր եւ օրհասական. քաջարի ու անձնազոհ բանակը, առանց ընկրկելու, կը դիմադրէր արիաբար ու խիզախօրէն, ի հեճուկս օրէ օր բազմապատկուած նահատակներուն թիւին։ Մեր բուռ մը Արցախեան հողի պահպանման համար հայ ժողովուրդը, իր միասնական ու հաւաքական ճիգերու գերլարումով, հաստատ կը մնար իր գոյապայքարին մէջ։
Երբ տակաւին Արցախի բոլոր ռազմաճակատներուն վրայ Հայոց բանակը կը շարունակէր դիմադրել թշնամիի զօրքերուն, 9 Նոյեմբեր 2020-ին ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կողմէ պատերազմի դադարեցման մասին ստորագրուած եռակողմանի համաձայնագիրը եկաւ զգետնելու ոչ միայն հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը, այլեւ՝ ընդհանրապէս պահանջատիրական մեր բոլոր իրաւունքները։
Մեծարգո՛յ Հիւպատոս,
Այսօր, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի թուով շուրջ 5000 խաչուհիներու անունով,  բուռն կերպով կը դատապարենք եռակողմանի ստորագրուած այս ամօթալի ու նուաստացուցիչ համաձայնագիրը եւ կը պահանջենք Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։
Մենք, որպէս ՀՕՄ-ի մէկ շառաւիղ, հաստատակամ կը մնանք շարունակելու մարդասիրական ծառայութիւնները Արցախի ժողովուրդին եւ նահատակներու ընտանիքներուն։
Փառք ու պատիւ հայրենիքի սահմանները ոչ մէկ կերպ լքած ու արեան գնով անառիկ պահած հայոց խիզախ բանակին։
Խունկ ու աղօթք իրենց կեանքերը հայկեան հողին ընծայաբերած մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգիներուն։
Ի Դիմաց՝
ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւն
16 Նոյեմբեր 2020