Ատրպատականի հայոց թեմի մեր վանքերը, որոնք կը գտնուին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, բացի իրենց պատմական արժէքէն, ներկայ կանոնաւորութեամբ ու յարատեւ վերանորոգութիւններու ենթակայ ըլլալու բացառիկ հոգածութեամբ, համայն աշխարհի հնավայրերուն շարքին իբրեւ իւրայատուկ օրինակներ կը ներկայանան քաղաքակիրթ մարդկութեան դիմաց:

Տագնապահար աշխարհին մէջ, «ուժը զօրաւորին կը պատկանի» ըմբռնման առթած յարձակողապաշտութեան ու վախի ազդեցութեան տակ ճնշուած, եւ պատերազմական ծանր իրավիճակներու մէջ յայտնուած ազգերուն համար, անհասկնալի կը մնայ վերոյիշեալ գուրգուրանքը քրիստոնէական ու յատկապէս հայկական սրբավայրերու նկատմամբ: Իրանի մէջ՝ Իսլամական տիրապետող ներկայութեան շրջագիծէն ներս քրիստոնէական սրբավայրերուն անեղծ պահպանման ու բարգաւաճման իրողութիւնը նախ կը բացատրուի այն բարձր գիտակցութեամբ, որ ունի Իսլամական Հանրապետութիւնը միաստուածեան կրօններու համակեցութեան գծով:

Երկրորդ, հինգհազարամեայ քաղաքակրթութեամբ ու բարձր մշակոյթով ծանօթ Իրանը, հինէն ի վեր իր գիտուններով եւ ղեկավար բոլոր ժամանակներու տարրերով բարձր գնահատած է մշակոյթը՝ իր բոլոր արտայայտութիւններով: Իրանի մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխի, մեր ոտքերուն տակ կրնայ տրորուիլ մարդկային քաղաքակրթութեան մէկ թանկարժէք մասնիկը՝ կաւէ պատրաստուած ձիթաճրագի փոքրիկ պատառիկ մը, քանդակուած սիւնի մը խոյակը, հին զօրավարներէն մէկուն կամ միւսին պատկանած նետը, աղեղը կամ կապարճը, որոնցմէ շատերը երկրաշարժերու եւ ժամանակի փոշիին պատճառով անհետացեր են ու հողի տակ թաղուեր:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համապատասխան հիմնարկութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող հոգածութիւնը հայոց քրիստոնէական սրբավայրերուն նկատմամբ, սոսկ կրօնական հանդուրժողականութենէն շա՜տ աւելի՝ ակնաբիբի խնամքին մօտեցող գուրգուրանքի երեւոյթի վերածուեր է: Սոյն երեւոյթը այնքան բիւրեղացեր է, որը զարմանքի տեղիք կու տայ յաճախ, հաւասարապէս գիտակից եւ թերահաւատ այցելուներուն, որոնք չեն քաշուիր նաեւ հարցադրումներով արտայայտելու իրենց հիացմունքը այս առնչութեամբ:

Աշխարհի շարք մը երկիրներուն մէջ, ներառեալ քաղաքակիրթ համարուող Եւրոպայի որոշ քաղաքները, իրենց հաւատացեալներէն զրկուած «Կոթիք ոճ»ի հրաշագեղ տաճարներուն վաճառքն ու որոշ երկիրներու նիւթական ծածուկ հովանաւորութեամբ սրճարաններու, գինետուներու եւ ճաշարաններու փոխակերպումը, 21րդ դարու յառաջադէմ ու կրթութեան եւ լուսաւորութեան պայմաններուն մէջ, միշտ պարսաւելի պիտի մնայ թէ՛ կրօնասէր բազմութիւններու եւ թէ՛ նոյնինքն կրօններուն կողմէ: Դար մը՝ որուն համար կանխագուշակուել էր, որ սոյն դարը «կա՛մ կրօնական դար պիտի ըլլայ, եւ կա՛մ՝ երբեք պիտի չըլլայ»:

Վերոյիշեալ տաճարներուն բացայայտ ու անկաշկանդ օգտագործումը իրենց պաշտամունքային բնոյթի անյարիր նպատակներու, դժբախտաբար տեղի կ՛ունենան միջազգային մշակոյթի պահպանման կազմակերպութիւններու կարեվէր սրտի գերզզգայուն բաբախման ու կարեկցանքի ցաւոտ հայեացքին ներքեւ: Համաշխարհային կազմակերպութիւններ՝ որոնք հազիւ կը յաջողին սոյն տաճարներուն արտաքին ու ներքին պատերուն անձեռնմխելիութիւնը ապահովել նոր «տանտէր»ներէն: Ճիգ՝ որ դարձեալ չարդարանար կրօնական դիտանկիւնէն: «Աստուծոյ Տուն»ը ըլլալու վեհութեան եւ միայն իբրեւ պաշտամունքային վայր օգտագործելիութեան երկիւղալից պայմանին աններելի սրբապղծման խայտառակ ու ատելավառ բեմադրութիւնն է այս, անարգական դիտաւորեա՛լ որակաւորումով ու քաղաքական մասնաւոր նպատակաուղղուածութեամբ:

Անհամեմատելի է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գուրգուրոտ վերաբերումը վերը մէջբերուած քրիստոնէական կրօնի վարկաբեկման բացայայտ օրինակին եւ անոր նման բազմաթիւ այլ պարագաներու հետ: Ատրպատականի մեր թեմի սահմաններուն մէջ գտնուող երեք վանքերը՝ Ս. Թադէոս առաքեալի անուամբ կնքուած մեր հաւատքի «մկրտարան»ը, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի գոհարատեսիլ վանքը, Ծործորի իմացական մեծ դպրանոցի հռչակ շահած վանքի «ափ մը» եկեղեցին, իրենց անմիջական շրջապատին մէջ հայ բնակչութիւն չունենալով հանդերձ, Մշակութային ժառանգութիւններու պետական հիմնարկութիւնը զանոնք կը համարէ երկրի մշակութային հազուագիւտ գանձերէն: Հարստութիւններ, որոնց իւրաքանչիւր քարով ու պատով, խորանով ու քանդակով հպարտ է Իրանը, որպէս քաղաքակիրթ ու դարեր շարունակ մշակութային խոր արմատներ ունեցող երկիր: Մեր վանքերու խորաններուն յարդարանքէն սկսեալ մինչեւ դուռն ու պատուհանը, ինչպէս նաեւ յատակն ու երդիքը իրենց կանոնաւոր ու մնայուն վերանորոգութեան ենթակայ բարեկարգ վիճակով, յարգանք կը պարտադրեն այս երկրի ղեկավարութեան ու անոնց հրահանգով բծախնդիր հոգածութիւն ցուցաբերող համապատասխան կազմակերպութիւններուն նկատմամբ:

Քաղաքակիրթ երկիրներու լո՜ւռ ու աննկատ բացակայութեան եւ պապանձուած լեզուով փակ շրթներուն առջեւ, աշխարհի մէջ իր բարձր մշակոյթով միշտ հպարտ մեր ազգի կրօնական սրբավայրերը՝ եկեղեցի ու մատուռ, առաջնորդարան ու մշակոյթի տուն պատերազմական դառնութեան բովէն անցան, Արցախի ռազմական գօտիներուն մէջ գտնուելով: Ինչպէս ժողովրդական բնակութեան շէնքերը եւ այլ կառոյցները, վերոյիշեալներն եւս վնասներ կրեցին հրետանակոծութեան թիրախային հարուածներով: Կոյր ռումբեր միշտ կ՛իյնան պատերազմական դրութեան մէջ յայտնուած քաղաքներուն վրայ, վնասելով խաղաղ բնակչութեան եւ անոնց կենցաղային ենթակառոյցներուն: Անհանդուրժելին սակայն, կրօնական սրբավայրերու նկատմամբ այլամերժութեան շեշտուած դրսեւորումն է, որուն ականատես եղաւ կոյր ու խուլ աշխարհը համայն, հակառակ ներկայ դարու ակնթարթային հաղորդակցութեան արագասոյր պայմաններուն:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ ապրող բոլոր ազգութիւններուն համար բարձր չափաւորութեան ու փոխադարձ յարգանքի գերագոյն օրինակ Այաթ. Խամենէյին, փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած վստահութեան երաշխիքն է տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ: Աշխարհի խաղաղութեան օրակարգի առաջին կէտն է այս, որ Իրանի մէջ կեանքի կոչուած է Իսլամական Յեղափոխութեան առաջին օրէն: Մեր տաճարիներու գմբէթներուն թառած խաչն ու մզկիթներու մինարէթներուն ծայրը ամրացուած մահիկները զիրար երբ տեսնեն՝ հանդուրժողութիւն կը քարոզեն միմեանց, նոյնը ուսուցանելով նաեւ իրենց հաւատացեալներուն:

Յատկապէս կրօնական սրբավայրերուն «Աստուծոյ Տուն»ը ըլլալու գաղափարը, համակրօնական յարգանքի պարտադիր հասկացութիւն է, սակայն կրթուած անձերուն միայն հասկնալի: Գիտակից վերաբերում՝ որ նոյնիսկ ռազմական անորոշ ու անհակակշռելի իրավիճակներու ընթացքին կրնանք տեսնել, եթէ անիկա ներառնուած ըլլայ սեփական կրօնի սիրոյ կանոններուն մէջ: Առաւել եւս, սոյն մօտեցումը գիտակից վերաբերում կը պահանջէ, որուն հիմքը մանկական դաստիարակութեամբ կը դրուի եւ կեանքի ինքնադաստիարակու-

թեան դպրոցին մէջ կը շարունակուի:

Նոր օրերու դժբախտութիւններն ու արիւնահեղութիւնները բոլոր կրօններուն ցաւ կը պատճառեն, երբ իրենց գարնան նոր բացուած մատաղատի կեանքեր դեռ ամառը չտեսած, ցուրտ կը գրկեն սեւ հողէ կարուած վերմակին փաթթուելով:

Ֆիզիքական մարմնէն հոսող բոսոր արիւնէն տարբեր, հոգեւոր մարմինէն այլ իմն արիւնահոսութիւն սկսաւ, հայկական կրօնական սրբավայրերուն նկատմամբ անարգալից վերաբերման պատճառով: Թէ՛ հոգեւորականներ եւ թէ՛ պարզ հաւատացեալներ արցունքով հետեւեցան այն սրբազան յարկերուն քանդման սրբապիղծ ներկայացումներուն, որոնք բոլոր կրօններուն հայեցողութեամբ, Ամենակալի դէմ գործուած մեղքերու սեւագիր ցուցակին մաս կը կազմեն: Անթոյլատրելի արարքներուն հեղինակները միշտ անպատասխանատու մարդիկ կ՛ըլլան, որոնց զլացուած գլխաւոր արժանիքը, սեփական անձին հանդէպ յարգանքի պակասն է:

Նոր օրերու լոյսին տակ վերստին կը նայինք Ատրպատականի հայոց մեր թեմի վանքերուն ու գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ աւելածուներէն սկսեալ մինչեւ պահապաններն ու պարտիզպանները, քարտաշներէն ու որմնադիրներէն սկսեալ մինչեւ գծագրող ու ծրագրող ճարտարապետներն ու շինարարները, մինչեւ անոնց անմիջական հսկիչներն ու վերահսկիչները, եւ նոյնիսկ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուները, կրօնական սրբավայրի յատուկ երկիւղածութեամբ կը մօտենան մեր վանքերուն:

Ուրիշին պաշտած կրօնին հանդէպ յարգանքդ, առաւել եւս կը բարձրացնէ քու պաշտած կրօնիդ արժէքը, որով միաստուածեան բոլոր կրօններուն Աստուածը յաւէտ կը փառաւորուի երկրի վրայ եւ երկինքին մէջ:

Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան
Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի
17 Նոյեմբեր, 2020
Ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ