Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2020-ին, Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի մէջ նահատակուած Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, մասնակցութեամբ քահանայից եւ դպրաց դասերուն։
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Տատաղլեան, հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութին Սելիմեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Սուրիական պետական ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչներ, նահատակներուն հարազատներն ու գաղափարակից ընկերները։
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փառաբանելով նահատակները դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր նախնիները հայրենիքին սէրն ու արժէքը վառ պահեցին իրարայաջորդ սերունդներուն մէջ։ Սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդները դաստիարակուեցան մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն համար մինչեւ վերջ, անձնազոհութեամբ, խիզախութեամբ պայքարելու ոգիով։ Մեր տղաքը Սուրիոյ պատերազմի օրերուն պաշտպանեցին Սուրիական Հայրենիքը, ապա, երբ հայրենիքը պատերազմի դէմ յանդիման կանգնեցաւ, փութացին պաշտպանելու հայրենի հողը եւ զոհուեցան անոր համար, մերժելով անձնատուութիւնն ու նահանջը։
Սրբազան հայրը ըսաւ, որ Սփիւռքը տարիներ շարունակ նիւթապէս, բարոյապէս, մարդուժի տրամադրումով եւ քաղաքական իր լծակներու ամբողջական օգտագործումով զօրավիգ կանգնեցաւ Արցախին, իր զաւակները զոհաբերեց անոր ազատութեան համար, հետեւաբար Սփիւռքի իրաւունք ունի իր խօսքը ըսելու այնպիսի հարցերու պարագային, որոնք համահայկական արժէք կը զգենուն։
Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Մենք կը մերժենք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած այս համաձայնագիրը, որ ոչ մէկ արժէք ունի եւ չ՚արտայայտեր մեր ժողովուրդին կամքը։ Ուստի անհրաժեշտ է պայքարիլ մինչեւ վերջ եւ ոչ թէ վարչապետ Փաշինեանի նման նահանջի ճամբան բռնել։ Հալէպահայ երիտասարդները միացան հայրենի հողին մէջ թաղուած մեր բիւրաւոր նահատակներուն։ Հայ Նահատակները իրենց կեանքը վտանգելով պաշտպանեցին հողը, ուստի ոչ ոք բարոյական իրաւունք ունի այս երիտասարդներուն երազները անտեսելու եւ հողեր յանձնելու թշնամիին»։
Հոգեհանգստեան արարողութէնէն ետք, «Տիգրանեան» սրահէն ներս ընդունուեցան ցաւակցութիււններ։
Այնուհետեւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան վեր առաւ նահատակ ընկերներու հայրենասիրութիւնն ու հաւաքական կեանքին ապահով զարգացման համար իրենց կեանքն իսկ վտանգելու յանձնառութիւնը, ապա աւելցուց. «Դուք հասաք ձեր նպատակին, պայքարի անշեղ ճամբայ մը բանալով հայ երիտասարդութեան դիմաց, պատգամելով որ արդարութիւնը չի նուիրուիր որեւէ ազգի, արդարութիւնը կը նուաճուի պայքարով, գիտութեամբ, միտքով, կամքով, դիւանագիտութեամբ ու զէնքով։ Մեր պայքարը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի, որովհետեւ յարափոփոխ պայմաններու մէջ ձեր եւ բոլոր հայ նահատակներուն արեամբ սրբացած հայրենի հողը մեր սերունդները պիտի չյանձնեն ու պիտի չթողուն որ որեւէ մէկը յանձնէ թշնամիին։
Մեր ժողովուրդին արշալոյսը ձեր, Պետօներու, Թաթուլներու, Շահէններու եւ հազարաւոր հայ նահատակներու միաձուլուած արեան կանչով պիտի աւետենք, մեզ հպարտութիւն ներշնչող, հա՛յ ազատամարտիկներ»։