Արցախցին  բոլորիս ծանօթ է իր աշխատասիրութեամբ, յամառութեամբ, քաջութեամբ, հպարտութեամբ, վեհանձնութեամբ, ինքնասիրութեամբ եւ հաստատակամութեամբ: Ան հաւատարիմ եւ անդաւաճան ընկեր է, կը բնութագրուի հայրենասիրական բարձր զգացումներով: Արցախի հայ կերպարը գեղեցկօրէն նկարագրած է այս լեռնաշխարհի զաւակ՝ Հ. Բեգլերեանը հետեւեալ բառերով ու նոյն լեռնաշխարհի զաւակ Ալեքսէյ Հէքիմեան ստեղծագործած էր նոյն երգին երաժշտութիւնը.
Պատուել գիտի միշտ իր հիւրին,
Գիտի գինը աղ ու հացի.
Միշտ հիւրասէր ու միշտ բարի-
Միշտ սրտաբաց Ղարաբաղցին:
Ուր էլ լինես, ի՛մ բարեկամ,
Դու նրա հետ ընկերակցի՛ր,
Լաւ ընկերոջ համար՝ անգամ
Կեանքը կը տայ  Ղարաբաղցին:
Խաղաղ է նա, համբերատար…
Բայց դու հոգով թէ դառնացրիր-
Ամպի նման կը որոտայ
Շանթ ու կրակ՝ Ղարաբաղցին…
Հետաքրքրական են արցախցիին  աւանդոյթները: Յիշենք քանի մը հատը:
Վարանդայի մօտ, Սղնախ գիւղի մէջ, հսկայ ժայռ մը գլորուելով հասեր էր մինչեւ գիւղ, առանց որեւէ վնաս հասցնելու գիւղին: Քարը կոչուած էր Պուկ-քար, այսինքն պոկուած քար: Այս դէպքէն ետք մարդիկ սկսած են պաշտել այս քարը, ուր երաշտի ժամանակ մոմ կը վառէին, որ անձրեւ գայ եւ կարկուտ չտեղայ: Ինչպէս նաեւ ամուլ կիներ քարին շուրջ երեք անգամ թել կը փաթթէին, ապա այդ թելը տանելով գուլպայ կը հիւսէին ու կը հագուէին, որպէսզի զաւակ ունենան:
Ըստ աւանդութեան, Գրիգոր անունով ճգնաւոր մը աւազակներէն փախչելով թաքնուեր է քարայրի մը մէջ: Հովիւը աւազակներուն յայտնած է ճգնաւորին տեղը: Ճգնաւորը նախքան նահատակուիլը անիծած է հովիւը, որ ոչխարներուն հետ քար դարձած է: Այժմ ցոյց կու տան հովիւին եւ անոր ոչխարներուն նմանող քարերը:
Կրակի պաշտամունքէն նաեւ կան շատ մնացորդներ: Այսպէս շատ սովորական է կրակով երդում ընելը, իսկ կրակ հանգեցնելը  մեղք կը համարուի: Կրակ պաշտելու հետ կապուած է օճախի պաշտամունքը: Նորապսակ զոյգին նոր շինուած օճախը առաջին անգամ գերդաստանի տարեցը կը վարէ, նոյն գերդաստանի բերուած օճախէն:
  Իսկ երբ փայտը վառած ժամանակ ձայն  հանէ, կ’ըսեն «Աչքը դուրս կու գայ, մեր մասին խօսող կայ»: Ներկաները անուններ կը հաշուեն, երբ որ դադրի ձայնը, ուրեմն յիշուած անձն է իրենց մասին խօսողը:
Ջուրի պաշտամունքը ընդհանրացած է Արցախի զանազան մարզերուն մէջ, հոն գտնուող աղբիւրները պաշտամունքի առարկայ դարձած են: Սովորութիւն էր Կիրակի օրերը մոմեր վառել սուրբ աղբիւրներուն առջեւ: Նշանաւոր են՝ «Կանաչ Խաչ»ը, «Մեծ Աղբիւր»ը, «Կարմիր Աղբիւր»ը, որուն մօտէն անցնողը պարտաւոր է բան մը դնել աղբիւրի քարին վրայ եւ այնտեղէն բան մը վերցնել:
Որպէս  հիւանդութեան բուժիչ նշանաւոր է Հիւնոտ գիւղի ջրվէժը, որուն տակ կը լողան, նախապէս զոյգ մոմ վառելէ ու աղօթելէ ետք:
Աւանդութինը կ’ըսէ, թէ կին մը իր մանուկին հետ մատուռ եկած էր աղօթելու: Մօր աղօթքի ընթացքին մանուկը սկսած է լալ ու ջուր խնդրել: Մայրը աղօթքը չընդհատելու համար Աստուծմէ խնդրած է որ իր զաւկին ծարաւը յագեցնէ: Աստուած լսած է մօր աղօթքը եւ աղբիւր բխած է մատրան մէջ:
Ընդհանրապէս բոլոր աղբիւրներու մօտ կը գտնուէին ծառեր, որոնք նմանապէս նուիրական համարուած են: Հիւանդներ ջուրին մէջ լողալէ ետք, իրեն հագած հագուստէն կտոր մը կը պատռեն ու կը փաթթեն ծառին, յուսալով որ իրենց հիւանդութիւնը այդ կտորին հետ կը մնայ ծառին մօտ:
Թռչուններէն ամէնէն աւելի պաշտուած է ծիծեռնակը: Շատ մեղք կը համարուի անոր սպանելն ու անոր բոյնը քանդելը: Կը պատմուի, թէ շուշեցի Սէյրանենց Սահակը մեղք չհամարելով ծիծեռնակին վնաս հասցնելը, օր մը բռնած է ծիծեռնակ մը եւ լեզուն կտրած է: Այս պատճառ եղած է որ անոր հինգ զաւակները համր ծնին:
Նախապաշարումներէն յիշենք.
-Եթէ այրած հաց ուտես, գայլէն չես վախնար:
-Եթէ յօրանջած ատեն չխաչակնքես՝ սատանան բերանդ կը մտնէ:
-Եթէ մէկը նապաստակ տեսնէ՝ անյաջողութեան նշան է, իսկ աղուէսը՝ յաջողութեան:
-Մանուկին օրօրոցէն կամ շորէն աչքահուլունք կը կախեն, չարէն խուսափելու համար:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան