10 Նոյեմբերի համաձայնագիրը անվիճելիօրէն դաժան իրականութիւններու դէմ յանդիման դրաւ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը: Անկէ ասդին, արդէն սահած է աւելի քան 10 օր: Անցնող իւրաքանչիւր օր շերտ առ շերտ կը բանայ աղէտալի իրականութիւններուն մութ ծալքերը, որոնք աւելի քան 40 օր խորհրդաւոր գաղտնապահութեամբ հեռու պահուեցան հանրութեան տեսողութենէն ու լսողութենէն: Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, ազգովին ու անվերապա՛հօրէն հաւատացինք այն հաւաստիքներուն, թէ պիտի յաղթենք, վաղը կամ միւս օր բեկում պիտի յառաջանայ եւ թուրք-ազերիական յարձակողականը միանգամընդմիշտ ետ պիտի շպրտուի: Յետոյ եկաւ շշմեցնող համաձայնագիրը եւ յայտարարեցինք, որ պարտուեր ենք…
Կ’ապրինք ազգովին խաբուած ըլլալու դառնութիւնը, որմէ նախ եւ առաջ կը ծնի արդար զայրոյթ: Բացայայտուող ծալքերը կ’ըսեն (բացայայտողները միայն ընդդիմադիրները չեն, այլ նաեւ՝ զինուորական բարձրաստիճան հրամանատարներ), ամէնէն սեղմ տողերով, թէ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւնները իրողապէս անտեսած են շատ մը իրականութիւններ, սկսելով ազերիական ռազմաշունչ ու յաճախ կրկնուող սպառնալիքներէն, անցնելով մեր զինուժի կարիքներուն սխալ յանձանձումէն, հասնելու համար շրջանային եւ միջազգային մեր յարաբերութեանց մէջ բացթողումներու, նահանջներու: Բացայայտումներ եթէ որոշ բաներ կը լուսաբանեն, անդին, խառնաշփոթ վիճակը օր աւուր աւելի կը խորանայ: Իշխանութեան աղբիւրներն ու պատասխանատուները կը շարունակեն պնդել, որ եղածը անխուսափելի էր, որքան ալ որ ցաւալի հնչէ համաձայնագիրը՝ իրենք ըրած են կարելին եւ կանխարգիլած աւելի վատ հետեւանքներ: Դիմացէն (եւ ո՛չ միայն իշխանութեան ընդդիմադիրներէն) կը հնչեն հաւաստիքներ եւ փաստարկումներ, թէ՝ կարելի՛ էր հոս չհասնիլ, կարելի էր (եւ է) շատ բան փրկել, սկսելով Շուշիէն ու Մեղրիէն…: Զիրար հակասող հաւաստիքները կը ծանրացնեն անորոշութեան ու շփոթի նժարը, մինչդեռ պէտք է հասնինք յստակացումներու փուլ եւ սկսինք քալել դէպի կարելի լուծում(ներ):
Մէկ բան յստակ է: Ո՛չ ոք կասկածի կ’ենթարկէ, որ 27 Սեպտեմբերէն ետք, ռազմաճակատին վրայ կեանքի գնով մարտնչող զինուորը իր ետին պէտք է ունենայ (ունենար) քաղաքական-դիւանագիտական նո՛յն զօրութեամբ նեցուկ: Ո՛չ ոք կը վիճի, թէ զինուորը թերացած չէ իր պարտականութեան մէջ, նախորդ ճակատումներէն իրեն ժառանգ հասած խիզախութեա՛մբ պաշտպանած է հողը՝ դիմադրելով գերադաս կարողութիւններով օժտուած հակառակորդին (մի՛շտ ալ թշնամին գերադաս ուժ ունեցած է): Անատակութիւնը, անհեռատեսութիւնն ու այլ թերութիւններ պէտք է փնտռել քաղաքական ու զինուորական վերին խաւին մէջ:
Չենք մոռնար: 27 Սեպտեմբերին եւ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ ստեղծուած էր ամբողջական եւ անվերապահ միասնութիւն: Մոգական գաւազանի մը շարժումով, կարծէք, ներքին բանավէճերը քանի մը ժամուան մէջ մէկդի դրուեցան, ամբողջ երկիրը վերածուեցաւ ազգ-բանակի, բոլորուեցաւ իշխանութեան շուրջը, իր կողքին ունենալով Սփիւռքը: Մարդասիրական օժանդակութիւններու զուգահեռ, յառաջ մղուեցաւ Արցախի անկախութեան եւ հիմնական իրաւունքներուն պաշտպանութեան արշաւը, որ մինչեւ այսօր ալ, 10 Նոյեմբերէն օրեր ետք, իր պտուղները կը հասցնէ հայութեան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՅՐՈՅԹ
10 Նոյեմբերի համաձայնագիրը, ի՛նչ անունով ալ կոչուի անիկա, կամ անոր մէջ բարեմասնութիւններ փնտռուի, քայքայեց միացեալ բռունցքը, բացաւ «մենք մեզի հետ կռուելու» բեմը: Կարծէք թէ փակուած է կամ մէկդի դրուած՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒ, նախայարձակ ըլլալու, արգիլեալ զէնքեր գործածած, լայնատարած շէներ կործանած, ոճրագործ ահաբեկիչներ ռազմադաշտ նետած ըլլալուն թղթածրարները, ու տարուած ենք առաւելաբար ինքնախարազանումի եւ մեղադրանքներու հեղեղներ փոխանակելու ալիքներով: Մինչեւ իսկ ստեղծուեցաւ քաղաքացիական պատերազմի մը մտավախութիւնը, կացութիւն, որ բացարձակապէս մերժելի է, իշխանութիւն թէ ընդդիմադիրներ կոչուած են ետ մնալու նման ընտրանքէ: Վերջակէտ:
Ծայր առած բողոքի ալիքներուն ամէնէն շօշափելի դրդապատճառը (ո՛չ միակը), կրկնենք, աւելի քան ամիս մը խաբուած ըլլալու եւ հողային ու մարդկային հսկայական կորուստներ ունեցած ըլլալու դառն ու անծածկելի իրականութիւնն է: Ի՛նչ ալ ըլլան արդարացման եւ ինքնաչքմեղանքի յայտարարութիւնները, արձանագրուած կորուստները ահաւոր դաժանութեամբ կ’ապտակեն մէն մի հայու հոգին ու քաղաքական կամքը: Եթէ փորձուի կեանքը շարունակել «ոչինչ փոխուած է»ի տրամաբանութեամբ (Business as usual), նոր անհեթեթութիւն մը աւելցուցած կ’ըլլանք 27 Սեպտեմբերէն ետք արձանագրուած ու երկար ատեն ծածուկ պահուած անհեթեթութիւններուն վրայ: Ո՛չ մէկ իշխանութիւն, որքան ալ որ լայն ժողովրդականութիւն վայելելով հասած ըլլայ երկրի ղեկին եւ՝ համակրանք կուտակած, չի կրնար ճակատաբաց շարունակել սովորական ընթացքը, ըսելով, որ «բան մըն էր՝ եղաւ, եթէ չմոռնաք իսկ, ձգեցէք, որ գործը շարունակենք մեր գիտցածին պէս»: Իսկ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի դարմանէ անշրջանցելի հիասթափութիւնը, հաւաստիք տայ, թէ ստապատիր վարմունքը պիտի չշարունակուի տարբեր մակարդակներու վրայ: Ինչպէ՞ս կարելի է, մանաւանդ վերականգնել վստահութիւնը եւ իսկական գործի ձեռնարկել՝ տեղահան եղած շոգեկառքը իր ճիշդ ուղիին վերադարձնելու համար:
Պահը հասած է «քարը հանելու լեզուին տակէն», իրատեսութեամբ դիտելու-գնահատելու ցաւցնող իրականութիւնը, ո՛ր «կողմ»ի բդեշխութեան մէջ ալ գտնուինք: Մասնաւորաբար պէտք է ընդունինք, որ անպաշտպանելի արարքը պաշտպանելը ի՛նչ կը նշանակէ այսօր:
ԽՈՒՍԱՓԵԼԻՆԵՐ
Իշխանութեան դէմ ծաւալած զայրոյթի եւ հաշիւ պահանջելու ալիքը ստեղծած է փափուկ վիճակ. քանի մը ժամուան մէջ միասնութեան քայքայումին ու վնասաբեր ետդարձին պատասխանատուն, ոեւէ մէկէն առաջ, պարտուողական համաձայնագիրը ինքնագլուխ եւ գաղտագողի ստորագրողն է, իր անմիջական գործակից-խորհրդակիցներուն հետ: Արդար բողոքն ու հաշուետուութեան պահանջը «պետական հարուածի փորձ» ներկայացնելը չի կրնար համոզել ամէնէն մակերեսային դիտողն անգամ, յետոյ, ինչպէ՞ս անտեսել քաղաքացիական պատերազմի անուղղակի մարտակո՞չը…
Մթնոլորտը արագօրէն լարուեցաւ, որովհետեւ իշխանութիւնը նախընտրեց բիրտ միջոցներով լռութեան մատնել բողոքի ձայն բարձրացնողները: Եղան օր ցերեկով խոշտանգումներ, ձերբակալութիւններ, չհիմնաւորուած զրպարտութիւններով այս կամ այն ներկայացուցիչը ոստիկանատուն-դատարան քաշելներ եւ դատարաններուն կողմէ մեղադրեալներու ազատ արձակում՝ երբ հաստատուեցաւ, որ վերագրումները հիմնաւորեալ չեն: Յաջորդեց սահմանապահ ուժերուն ուղղուած վարչապետին կոչը, թէ՝ պէտք է քաղաք իջնեն եւ հաշուեյարդարի ենթարկեն բողոքի ձայն բարձրացնողները (հակացոյցեր եղան, իսկ համացանցը…). սա ընդվզումի ալիքը հասցուց նոր բարձրութեան մը. մինչեւ իսկ վարչապետին գլխաւորած խորհրդարանական խմբակցութեան ու վարչամեքենային մէջ հաւատարմութեամբ  ծառայողներու շրջանակին մէջ բողոք եւ ընդվզում յառաջացան, իսկ «յայտարարութիւնը ճիշդ չէ հասկցուած»ի բացատրութիւնը չհամոզեց շատերը: Ծայր առին հրաժարականներ եւ պաշտօնազրկումներ՝ ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ: Նոր թափ առաւ այն քարոզարշաւը, թէ վարչապետն ու իր գործակիցները սխալ բան չեն ըրած, պէտք է մնան պաշտօնի վրայ, որովհետեւ խուսափած են շա՛տ աւելի ողբերգական հետեւանքներէ: Այն՝ թէ մարդիկ կրնա՞ն համոզուիլ, կամ՝ որո՞նք կը համոզուին՝ իրենց գիտնալիքն է, զանգուածը իրաւունք ունի չհամոզուելու, մանաւանդ որ ազգային այս պատմական ողբերգութենէն… բան մը պիտի չթեթեւնայ:
Աշխարհատարած հայութիւնը կը կանգնի նոր չարիքներէ խուսափելու, զանոնք կանխարգիլելու իրակա՛ն մարտահրաւէրի դիմաց: Ամէն գնով պէտք է խուսափինք պառակտուած վիճակին սաստկացումէն, տարակարծութեանց խորացումէն (երբ իրականութիւնները արեւու լոյսին չափ յստակ են, հակառակ աշնանային ամպոտ երկինքներուն…): Ներքին ճակատումները, հակադրութիւնները օր առաջ պէտք է վերջակէտի հասնին եւ դարմանումի աշխատանքը պէտք է համախմբէ ԲՈԼՈՐԸ, անոնք կոչուին հին թէ նոր, սեւ կամ այլ գոյնի: Պառակտումի ու հակամարտութեանց խորացումը ջուր կը բերէ մեր թշնամիներուն ջաղացքին:
Նոյնքան հրամայական է դուրս գալ այն պատրանքէն, ուր ազգովին առաջնորդուեցանք աւելի քան ամիս մը: Իրականութիւնները պէտք է տեսնենք եւ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ բաց աչքերով, աշխարհը շատ աւելի շրջահայեաց դիտելու կարողութեան զարթնումով: 10 Նոյեմբերէն ետք իսկ, կարգ մը քարոզչական մեքենաներ կը շարունակեն խօսիլ Ատրպէյճանի այս կամ այն տկարութեան մասին, Ալիեւի անկումը կը նկատեն անխուսափելի, կը տարածեն բոլորիս սրտին խօսող բաղձանքներ: Եթէ այդ բոլորը իրականանան, ո՛չ ոք դժգոհ պիտի ըլլայ (իսկ թէ համաձայնագիրէն ի՞նչ կը փոխուի՝ այլ հարց), սակայն այս փուլին, մեզի հարկաւոր է դաժան իրականութիւնը բաց աչքերով տեսնել, հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակեն Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ այլ պետական դէմքերու խօսքերը, զանոնք չդիմաւորել միականի վերագրումներով: Եթէ ռազմական ու հողային իրադրութիւնները մեծ վերիվայրումներ կրած են, պէտք է տեսնենք, որ ընդհանուր գիծերը կը մնան նոյնը, այսինքն՝ Ատրպէյճան-Թուրքիոյ ախորժակները աւելի՛ եւս սրած են, մեծ պետութեանց միջնորդական գործը, հակառակ մեր բոլոր բարի բաղձանքներուն, կը կանգնի ՆՈՐ ԻՐՈՂԱԿԱՆ ԳԵՏԻՆԻ մը վրայ:
Այս բոլորը հրամայական կը դարձնեն ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ անյապաղ վերականգնումը, բազմաճիւղ քայլեր առնել՝ հորիզոնը յստակացնելու եւ արձանագրուած վնասները դարմանելու համար:
Ներքին բեմը ամէն գնով կայունացնելու զուգահեռ, պէտք է մենք մեզի հետ հաշիւի նստինք, բանանք մեզ այս կացութեան հասցնող պատճառներուն ներքին ու արտաքին ԲՈԼՈՐ ԾԱԼՔԵՐԸ, ցանկագրենք հարցականներ եւ գտնենք անկողմնակալ պատասխաններ՝ պեղելով Հայաստանի ու Արցախի զինուորական-քաղաքական մեքենաներուն էութիւնը: Սա կը պահանջէ լուսարձակներէ հեռու աշխատանք, որովհետեւ մեր աղտոտ լաթերը – եւ պէտք է ընդունիլ, որ կա՛ն աղտոտ լաթեր – դիմատետրային «ազատամտութեամբ» եւ անլրջութեամբ աշխարհին դիմաց փռելը ո՛չ միայն շահաբեր չէ, այլ համազօր է «սեփական ոտքին կրակելու», ինչ որ պիտի տկարացնէ մեր պետութեան յենարանները, բանակցողի դիրքը: Խօսքի ազատութիւնը, կարծիքի ազատութիւնը ունին իրենց սահմանները, որոնց անտեսումը (դժբախտաբար այդ կ’ըլլայ աշխարհով մէկ) աղէտ է եւ՝ նորանոր կորուստներու ճամբայ: Դուրս պիտի գանք ամէն տեսակի գայթակղութիւն՝ ինքնանպատակ շահարկումի նիւթ դարձնելու «աւանդոյթէն»: Եթէ լրջանալու պահը չենք տեսներ, ուրիշէն կարեկցանք չսպասենք…
Իշխանութիւն թէ ընդդիմադիր՝ յաջորդ փուլը պէտք է թեւակոխենք այնպիսի՛ մօտեցումով ու կամքով, որ շահաւորը ըլլան ո՛չ թէ անհատներու, իշխանութեան կամ խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ընդդիմադրութեան, այլ նոյնինքն Հայաստանին, Արցախին ու ողջ հայութեան: Այս երթը սկսելու համար, չենք կրնար խուսափիլ բազմաթիւ ցաւցնող հարցումներէ եւ անոնց մասնագիտական պատասխաններ որոնելէ: Իրական նահանջը չենք կրնար ամոքել սալոնային բանավէճերով կամ միայն բողոքի ու արդար ակնկալութեանց, պահանջներու շարադրութեամբ, այլ կարողականութեանց մէկտեղումով: Իշխանութիւն եւ հակադիր ճակատներ պէտք է տեսնեն, որ կանգնած են նոյն խրամատին մէջ, իսկ մեկնակէտը պիտի ըլլայ ԲՈԼՈՐ ՍԽԱԼՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆԻԼԸ:
Յաջորդիւ, ցաւցնող հարցումներ:
Սարգիս Մահսերէճեան
___________________________________________
(*)Այս ու նոյն ենթախորագիրին տակ ներկայացող յաջորդ սիւնակներուն շարքը նկատել մէկ ամբողջութիւն, որ յամենայնդէպս… անկատար է: