Դեռ Արարատի վէրքը չսպիացած
Բացուեցաւ նոր վէրք մը սրտերուն մէջ հայոց,
Դեռ անցեալի մղձաւանջէն չսփոփուած
Կրկին կործանեցան երազները հայոց։
Ի՞նչ մխիթարանք այրած սիրտերուն,
Ի՞նչ ըսենք անմեղ երեխաներուն,
Ինչպէ՞ս նայինք նահատակի մօր աչքերուն,
Որ անհամբեր կը սպասէ իր հերոսին վերադառնալուն։
Ի՞նչ ըսել այն խեղճ արցախցիին
Որ տունը կ’այրէ չյանձնելու համար թուրքին,
Ինչպէ՞ս հայութիւնը հանգիստ ապրի
Երբ Մեր խաչքարերը մնան անաստուածին:
Մեր դարաւոր, վայրագ թշնամին
Սեւցուց հայուն ճակատագիրը կրկին,
Բայց այս բոլորէն ամենացաւալին՝
Հայն էր, որ արիւնով օծուած մեր հողերը յանձնեց ազերիին։
Զարմանքով ու ցաւով կը նայիմ,
Այս կոյր ու խուլ աշխարհին,
Որ կ’անտեսէ ամբողջ հայ ազգը
Աջակցելով գազան ահաբեկիչին։
Առասպել դարձաւ Արցախը մեր,
Չքնաղ Շուշին.. Լաչինը մեր,
Պիտի պատմենք մեր զաւակներուն
Որպէսզի ետ բերեն դրախտավայրը մեր։
Մարինա Ասատուրեան