«Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 28 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանին հետ:
Մասիս Մայիլեան շնորհաւորած է Վաղարշակ Յարութիւնեանը` ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելու առիթով` յատկապէս ընդգծելով, որ ստեղծուած դժուարին իրավիճակին մէջ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ:

Հանդիպումին կողմերը անդրադարձ կատարած են Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութեան իրականացման ընթացքին` կարեւոր համարելով հանրապետութեան մէջ կայունութեան ապահովման եւ մարդասիրական ոլորտի մէջ առկայ բարդ հարցերու լուծման ուղղուած Արցախի իշխանութիւններուն հետ գործակցութեամբ ձեռնարկուող նախաձեռնութիւնները:

Նախարարները երկուստէք յայնտած են Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած ատրպէյճանա-թրքական յարձակումին հետեւանքով զոհուած հայ զինուորական ծառայողներու մարմիններուն դուրսբերման, անյայտ կորածներու ճակատագիրներու բացայայտման, ռազմագերիներու, ինչպէս նաեւ պատանդներու ազատ արձակման աշխատանքներուն արագ իրականացման կարեւորութիւնը: