«Երկիր».-29 Նոյեմբերին ՀՀ մտաւորականները Ազատութեան հրապարակէն երթով գացած են Ռուսիոյ դեսպանատուն:
Միաբանութեան երթը ի աջակցութիւն զինուորներու եւ գերիներուն ազատ արձակման պահանջով էր:
Մտաւորականները  միաբանութեան երթի աւարտին նամակ յանձնեցին Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան: Դերասան Հրանդ Թոխատեան յոյս յայտնեց, որ կ’ընթերցուի նամակը եւ իրենք յոյս ունին, որ պիտի ստանան պատասխան:
«Պէտք է շարունակել երթը դէպի միւս դեսպանատուները, Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու դեսպանատուները` ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ կ’անցնինք այն միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք կոչուած են այս հարցով զբաղելու, Անգլիոյ եւ Չինաստանի դեսպանատուները կ’այցելենք», ըսաւ Հրանդ Թոխատեան` տեղեկացնելով, որ այսօրուան երթը աւարտած է այսքանով:
Հրանդ Թոխատեան յայտնեց, որ իրենք խնդրած են, որ  անհետ կորածներու եւ գերիներու նկարները չըլլան, որ չվնասեն գործընթացին:
Ռուբէն Մխիթարեան ամփոփելով երթը ըսաւ, որ հետագայ գործողութիւններուն ծրագիրը պիտի տեղեկացնեն եւ առաջարկեց երթը աւարտել ծափերով, որպէսզի հասնի տղոց, ուր ալ ըլլան անոնք:
Արմէն Գրիգորեան աւելցուց, որ կայ իրաւաբաններու խումբ, որ կը հետաքրքրուի  գերիներու եւ անհետ կորածներու հարցով: