Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ատրպէյճանական կողմին մօտ գտնուող ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձին հարցով դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին:
Նախագահ Սարգսեանի նամակին մէջ կը յիշուի, որ Հայաստանի հասարակութիւնն ու սփիւռքը խստիւ անհանգստացած են ատրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած զինուորներու եւ քաղաքային անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակով:
«Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութիւնը մեծ աջակցութիւն պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած մեր զինուորներն ու քաղաքային անձերը, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմինները վերադարձնելու չափազանց զգայուն հարցի լուծման առումով», ըսած է նախագահը: