ՀՀ Դատական Տեղեկատուական Համակարգը կը հաղորդէ, որ վարչական դատարանի դատաւոր Դանիէլ Դանիէլեան բաւարարած է Բնապահպանութեան եւ Ընդերքի Տեսչական Մարմինի ղեկավարի տեղակալ Իկոր Սարգսեանի հայցը ընդդէմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի:
Իկոր Սարգսեան դիմած էր դատարան` խնդրելով անվաւեր ճանչնալ զինք Բնապահպանութեան եւ Ընդերքի Տեսչական Մարմինի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնէն դադրեցնելու մասին Նիկոլ Փաշինեանին 23 Հոկտեմբեր 2019-ի որոշումը:
Դատարանը արձանագրած է, որ խախտուած է Իկոր Սարգսեանի աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան էական իրաւունքը եւ Իկոր Սարգսեանի հայցը բաւարարած է:
Դատարանը վճռած է`Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 23.10.2019-ի «Իկոր Սարգսեանին Բնապահպանութեան եւ Ընդերքի Տեսչական Մարմինի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնէն դադրեցնելու մասին» թիւ 1539 որոշումը ճանչնալ անվաւեր եւ վարչապետը պարտաւորեցնել Իկոր Սարգսեանը վերադարձնելու նախապէս զբաղեցուցած` Բնապահպանութեան եւ Ընդերքի Տեսչական Մարմինի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնին: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին պարտաւորեցնել նաեւ Իգոր Սարգսեանին պարտադիր պարապուրդի ամբողջ ժամանակահատուածին համար վճարել հատուցում` միջին աշխատավարձքիհ քանակով, մինչեւ դատարանի վճիռին օրինական գործադրութեան դրուիլը:
Վճիռը օրինական գործադրութեան կը դրուի հրապարակման պահէն մէկ ամիս ետք: