Հայաստանն ու Սփիւռքը 27 Սեպտեմբերէն մինչեւ 9 Նոյեմբեր 2020 դիմագրաւեցին չափազանց տագնապալի պահեր:
Թշնամիին կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը շատ ծանր էր բոլորիս համար:
Ունեցանք բազմահազար զոհեր եւ հսկայական հողային կորուստներ: Կը խոնարհինք Արցախի հողի պաշտպանութեան համար իրենց թանկագինը՝ կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակին դիմաց:
Այսու կու գանք մեր բացարձակ մերժումը արտայայտելու 10 Նոյեմբերին հրապարակուած յայտարարութեան, որ կը համարենք ե՛ւ նուաստացուցիչ, ե՛ւ պարտուողական, ե՛ւ վտանգաւոր Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի լինելութեան համար:
Այս իրավիճակէն ընդվզած, կը բողոքենք սոյն համաձայնագրի ստորագրութեամբ ՀՀ Վարչապետի առած քայլին դէմ ու մեր ձայնը միացնելով Հայաստանի մէջ ընդվզումի ալիքին, կը դատապարտենք վարչախումբին քաղաքական սխալներն ու կը պահանջենք ՀՀ Վարչապետին ու կառավարութեան հրաժարականները:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Պուլկարիա