ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի «Ապառաժ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Արա Պուլուզեան Yerkir.am-ի հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, որ Արցախի մէջ ազատագրուած հայրենիքի տարածքները նաեւ տեղւոյն բնակչութեան նիւթական, տնտեսական հարցերը հոգալու համար էին:
Ան ապրած է Ստեփանակերտի մէջ եւ վերջին պատերազմին ցաւը թարմ է` որդին 40 օրէն աւելի է անյայտ կորած է:
Պուլուզեան դիտած է տեսանիւթեր , ուր կը պարզուի, թէ ինչպէ՛ս հայը շնորհակալութիւն կը յայտնէ թուրք զինուորին, որ թոյլ կու տայ իր տան ապրանքը դուրս բերել: Կը մտածէ` ընդամէնը մէկ տարի առաջ այդ նոյն հայը կ’ըսէր` սա ի՛մ հողն է, հոս պիտի ապրիմ, ստեղծագործած եմ, իրաւունք ունիմ հոս ապրելու, որովհետեւ կողքը Տիգրանակերտն է` Տիգրանակերտը հայկական եղած է, մինչդեռ այսօր այս հոգեվիճակը փոխուած է:
«Հիմա այդ մթնոլորտը պիտի շրջուի, կարելի չէ այսպէս ապրիլ: Այսինքն, եթէ ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ թուրքին, որ թոյլ կու տայ․․․ ես այլեւս չեմ կրնար մտածել, որ իմ երեխաս օր մը պիտի երթայ հոն` իմ հայրենի հողին վրայ պիտի ապրի», ըսաւ ան:
Արա Պուլուզեանի կարծիքով` 70 տարի վերջ ազատագրական պայքարը մեր մէջ որպէս գաղափարական հիմք ամրագրուած էր եւ կրցած էինք յաղթանակի հասնիլ, հիմա պէտք չէ անոնցմէ հրաժարինք: Ան կարեւոր կը համարէ այս պարտութիւնը չհամարել լրիւ յուսահատութիւն եւ վերջ:
Ինչո՞վ պիտի ապրի արցախցին` այս հարցը եւս առաջնահերթութիւն դարձած է եւ պէտք է տնտեսութիւնը շարժման մէջ դնելու լուծումներու մասին մտածել:
Խորհրդային Միութեան ժամանակ Արցախի մէջ գործած են պայմանական 10 մեծ գործարաններ, եղած է Սովետական Միութեան հետ կապի երկաթագիծի կայարան Ստեփանակերտի մօտ եւ այդ գործարաններուն արտադրանքը լրիւ ցրուած է Խորհրդային Միութեան մէջ, պայմանական այդ 10 գործարաններէն ամէն մէկը ունեցած է պայմանական 3000 աշխատող, նաեւ մօտիկ գիւղերէն եկած են Ստեփանակերտ` աշխատելու:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ, այդ գործարանները այլեւս չեն աշխատած եւ մեր հայրենիքի տարածքներուն ազատագրումը ստեղրծած է արցախցիին տնտեսական հարցերը հոգալու կարելիութիւն:
«Արցախցին կ’օգտուէր այդ տարածքներուն բնական հարստութենէն` այգի կը հիմնէր, արօտավայրերէն կ’օգտուէր, հանքերէն կ’օգտուէր եւ տնտեսութիւն կը ստեղծէր: Հիմա որ չունինք հողերը, անոնք ալ չկան, ժողովուրդը ինչո՞վ պիտի ապրի»,հարցադրում կ’ընէ Արա Պուլուզեան:
Ինքը թէեւ կ’ապրի Ստեփանակերտի մէջ, բայց ունէր այգի, այգին նուռ կու տար , հիմա չկայ` Աղտամի շրջանին հետ այգին յանձնուած է թուրքերուն:
Ազատագրուած տարածքներուն օգտագործումը կը դարձնէր Արցախի տնտեսութեան անիւը` իր եկամուտը կը ծախսէր խանութին, խանութը հարկեր կու տար եւ անիւը անընդհատ կը դառնար:
«Հիմա չկայ: Եւ ասոր մասին Հայաստանի, Արցախի իշխանութիւնները պէտք է մտածեն, առաջադրանքներ տան իշխանութիւններուն եւ այդ տնտեսութիւնը աշխուժացնելու միտքեր յառաջանան», ըսաւ Արա Պուլուզեան:
Ան կը գիտակցի, որ դրացիներուն հետ, յամենայն դէպս, պէտք է ապրիլ, իսկ անոր համար պէտք է ճիշդ հիմունքներու վրայ դրուի երկկողմ յարաբերութիւնները:
«Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն եւ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն այս պարտուողական կեցուածքով մենք չենք կրնար այդ ընել»,մտահոգութիւն ունի Արա Պուլուզեան:
Ան կարեւոր կը համարէ վերականգնել այն մթնոլորտը, որ ստեղծուած էր։ Սփիւռք, Հայաստան, Արցախ եռամիասնութիւնը գաղափարական փարոս մը դարձած էր եւ ժողովուրդը այդ ուղղութեամբ կ՛երթար:
«Համահայկական հիմնադրամը Արցախի անունով գումար կը հաւաքէր ամբողջ աշխարհի մէջ, համահայկական խաղեր տեղի կ՛ունենային` բոլորը Արցախ կու գային կը համախմբուէին՝ համախմբուածութեան կէտն էր Արցախը, մարդիկ 9 Մայիսին կը հաւաքուէին Արցախ, որ մասնակցին Շուշիի ազատագրման տօնին: Հիմա չկայ, հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ, մենք ինչո՞վ սերունդը պիտի սնուցանենք: Գաղափարական հենքը, նախ եւ առաջ, պէտք է նորոգենք», ըսաւ Արա Պուլուզեան:

Աննա Պալեան