WarGonzo ․ Ատրպէյճանցիները Շուշիի մուտքի անցակէտէն հանած են Թուրքիոյ դրօշը
Ռուսական WarGonzo նախագիծը կը յայտնէ, որ ատրպէյճանցիները Շուշիի մուտքի անցակէտէն հանած են Թուրքիոյ դրօշը։
«Հետևորդները @wargonzo նախագիծին ուղարկած են յայտնի ցուցանակի թարմ լուսանկար: Նախապէս նոյն տեղը ատրպէյճանական դրօշին կողքին կախուած էր նաեւ Թուրքիոյ դրօշը: Հիմա ան չկայ:
Լուսանկարը առնուած է նախորդ օրը: Մենք տեղեկութիւնը ստուգեցինք այլ աղբիւրներէ, եւ հաստատեցինք զայն: Այսինքն՝ կը պարզուի, որ Թուրքիոյ դրօշը կա՛մ քամին տարած է, կա՛մ ալ ամէն ինչ այնքան ալ պարզ չէ թուրք և ատրպէյճանցի զինուորականներուն յարաբերութիւններուն մէջ», կը գրէ նախագիծը իր թելեկրամեան էջով։