Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Ս. Մինասի տօնը կը յիշատակէ յիսնակի պահոց երրորդ Կիրակիին յաջորդող Երեքշաբթի օրը: Ս. Մինասի տօնը հաւատացեալներուն համար սպասուած տօն մըն է, յատկապէս Մինաս անունը կրողներուն համար:
Արդարեւ, Երեքշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Մինասի պատմական խորանին առջեւ, ներկայութեամբ՝ Կրօնական Ժողովի հոգեւորականներուն, Թեմի եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերուն, Ազգային Միացեալ նախակրթարանի տնօրէնութեան, ուսուցչուհիներուն եւ բարձր կարգերու աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:
Հանդիսաւոր թափօրով եւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Սուրբ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Արշակ քհնյ. Ալաճաճեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան: Սուրբ Խորանին սպասարկեցին Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը:
Հաւատացեալները պատմական եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, Ս. Մինասի բարեխօսութիւնը հայցելով հոգեկան ցնծութեամբ եւ Քրիստոսի Աւետարանին ճշմարտութիւններով լիցքաւորուեցան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան պատգամը, բնաբան ունենալով «Ես եմ ճանապարհը» աւետարանական հատուածը: Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ երկնաւոր Հօր տանող ճամբան Քրիստոսն է, որուն հետեւեցան առաքեալները, եկեղեցւոյ հիմնադիրներն ու ապագայ քարոզիչները:
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով սուրբերու վարքին, յայտնեց թէ անոնք ընտրեցին Աստուծոյ ճամբան, որ սովորական կեանքի ճամբայ մը չէր, այլ պայքարի, զոհողութեան եւ նահատակութեան ճամբան եւ իրենց կեանքերը ընծայաբերեցին, որպէսզի մենք շարունակենք ապրիլ քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն համաձայն:
«Հոն ուր սրբութիւն կայ՝ հոն վաւերական երջանկութիւնը եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը տիրէ: Իսկ հոն ուր հոգեկան պարապութիւն կայ՝ ցաւ եւ դժբախտութիւն կը տիրէ», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Պարզաբանելով սուրբ ըլլալու խորունկ իմաստը, Սրբազան Հայրը նշեց, թէ սրբանալ կը նշանակէ մաքրուիլ, վերանորոգել մեր կեանքերը, ականջները բանալ եւ լսել աստուածային ճշմարտութիւնները, հետեւիլ այդ ճշմարտութիւններուն եւ ընթանալ այն ճանապարհէն, որ մեզ կþառաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք եւ ամենակարեւորը՝ պայքարիլ քրիստոնէական հաւատքին համար:
Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը գնահատեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը, աղքատախնամը, սարկաւագները, դպիրները, «Շողակաթ» երգչախումբը եւ այս հոգեպարար արարողութիւնը կազմակերպող բոլոր անդամները, որոնք նուիրումով կը ծառայեն եկեղեցւոյ:
Սրբազան Հայրը գնահատեց ներկայութիւնը Ազգային Միացեալ Նախակրթարանի աշակերտներուն, մաղթելով որ մեր զաւակները Հայ Եկեղեցւոյ երդիքին տակ հասակ առնելով պահեն ու պահպանեն մեր եկեղեցական եւ ազգային արժէքները:
Ս. Մինասի բարեխօսութիւնը հայցելով, Սրբազան Հայրը աղօթեց առ բարձեալն Աստուած, որ լսէ մեր աղօթքները, փարատէ ժողովուրդին ցաւերը եւ բժշկէ բոլոր հիւանդները: Ան մասնաւորապէս Տիրոջ զօրակցութիւնը խնդրեց Հայաստանի եւ Արցախի մեր բանակին, որպէսզի դժուար այս օրերէն դուրս գալով կրկին անգամ վերագտնենք մեր հայրենիքին խաղաղութիւնը եւ վերատիրանանք Արցախի մեր եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ դպրոցներուն:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն:
Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահ, ուր տիկնանց յանձնախումբին կողմէ տեղի ունեցաւ ճաշի վաճառք, որուն բացումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Մարինա ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեան