10 Նոյեմբերի աղէտաբեր համաձայնագիրէն ճիշդ ամիս մը ետք, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները ժամադրուած էին Պաքուի մէջ, ուր զինուորական տողանցքով եւ զէնքերու ցուցադրութեամբ (նաեւ մեզմէ խլուած զէնքեր) տօնեցին Արցախի մեծագոյն մասին բռնագրաւումը: Սա ճակատամարտ մը շահած՝ համաթուրանականներու սոսկական ժամադրութիւնը չէր, ո՛չ ալ այլապէս «բնական» տօնախմբութիւն մը: Ալիեւ անգամ մը եւս բացայայտեց, որ Արցախը իր եւ Էրտողանի համար միայն նախաքայլ մըն է, որովհետեւ «Զանգեզուրէն մինչեւ Երեւան պատմականօրէն մաս կը կազմեն Ատրպէյճանի» (ան կը փորձէ աշխարհին ալ մոռցնել, թէ Ատրպէյճան անունով երկիրը հազիւ 100 տարեկան է), իսկ կրտսեր եղբօր ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրած (ամչցաւ յիշելու որ նա՛եւ… ահաբեկիչներով) Էրտողան ոգեկոչեց 1915-ի Ցեղասպանութիւնը ծրագրած ու գործադրած իր ոճրագործ նախահայրերը՝ Էնվէրն ու Նուրին:
Պաքուէն արձակուած այս սպառնալիքներուն դիմաց, մենք ի՞նչ կ’ընենք…
***
Հայաստանի վարչապետին բանբերը (նաեւ ուրիշներ) բացայայտ վրդովմունքով եւ արդարօրէն դատապարտեց յիշեալ յայտարարութիւնները: Մանէ Գէորգեանի խօսքերը լսողը կրնայ ունենալ այն տպաւորութինը, որ այս սպառնալիքները առաջին անգամն է որ կը հնչեն, առաջին անգամն է որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա «Հայաստանի հողերուն նկատմամբ նկրտումներ կը ցուցաբերեն» եւ «կասկածի տակ կը դնեն Ատրպէյճանի խաղաղասիրական տրամադրութիւնները, սպառնալիք են շրջանի անվտանգութեան»:
Մանէ Գէորգեան եւ իր պոսը նո՞ր կ’անդրադառնան, թէ Ալիեւ եւ անոր պոսը շատո՜նց խաղաղասիրութեան հականիշ են, կը վտանգեն շրջանի ու աշխարհի՛ խաղաղութիւնը: Հայաստանի ղեկին նստողները արդեօք լուսի՞ն ճամբորդած էին, երբ Ազրպէյճան եւ իր զինակիցները Արցախ ներխուժեցին 27 Սեպտեմբերին, քար ու քանդ ըրին հայկական բազմաթիւ շէներ, ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐ գործեցին ամբողջ 44 օր, գրաւեցին անվիճելիօրէն հայկական հողեր, վրան ալ, անպատուաբեր յայտարարութեամբ՝ նուէր ստացան ընդարձակ հողեր, զորս չէին կրցած զէնքով նուաճել, իսկ իբրեւ «յաւելուած-նուէր»՝ խոստում ստացան Մեղրիի վրայով անցք մը ապահովելու Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ:
Հայկական հողերու կորուստի օրերուն, մենք ի՞նչ կ’ընէինք…: Այո՜, Փաշինեանի շքախումբը ամբողջ հայութիւնը կ’առաջնորդէր «յաղթում ենք» սուտերով, որոնց՝ ո՛չ մէկ հայ ինք իրեն իրաւունք կու տար անկեղծօրէն եւ անվերապահօրէն չհաւատալու:
***
Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր, Հայաստանի ու Արցախի քարտէսը կը վերախմբագրուի մեր հասողութենէն անկախաբար: Պատմութի՛ւն կը խեղաթիւրուի ու կ’այլափոխուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արիւնածոր գրիչներով: Հայ Դատը նոր խորք ու հորիզոններ կը «նուաճէ» մեր կամքէն անկախ: Չխօսինք մարդկային եւ ընկերային ահաւոր տագնապներուն մասին…
Արցախի նոր սահմաններուն վրայ, ազերիներ «չնախատեսուած ու չհամաձայնուած» թափանցումներ կ’ընեն, նոյնը՝ Սիւնիքի շրջանին մէջ: Թրքական եւ ազերիական աղբիւրները արտառոց առեւտուրի ծրագիրներ հրապարակ կը նետեն, կը յայտարարեն, որ Հայաստան 50 միլիառ տոլարի վնաս հասցուցած է Ատրպէյճանին, եւ որովհետեւ զայն հատուցելու կարողութիւնը չունի, պէտք է Զանգեզուրը յանձնէ Ատրպէյճանին: Այդ բոլորը՝ Ալիեւի ու Էրտողանի 10 Դեկտեմբերի սպառնական յայտարարութիւններէն առաջ էին:
Այս բոլորին դիմաց, մենք ի՞նչ կ’ընենք…: Այո՜. բաներ մը կ’ընենք. կը պատրաստուինք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ առեւտուրի եւ ճամբաներու բացման ծրագիրներ մշակելու, մինչեւ իսկ կը փորձենք ժողովուրդը համոզել, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելը բարիք կը խոստանայ…
***
Ալիեւի եւ Էրտողանի սպառնալիքները մտային կամ կզակի մարզանք չեն. անոնք շատո՜նց գծած են իրենց ծրագիրը (չըսելու համար թէ վերականգնած են համաթուրանականութեան դարաւոր դաւադրութիւնը), եւ ոտնատակ ընելով միջազգային բոլոր օրէնքներն ու խաղաղարար ճիգերը՝ գործի անցած են բռնի ուժով իրականացնելու զայն: Ալիեւի համար, Հայաստանի մէջ չկան սեւեր ու ճերմակներ, չկան հիներ ու նորեր, չկան յեղափոխականներ ու հակայեղափոխականներ, այլ կան հայեր, կայ իրենց դարաւոր ծրագիրը խափանող բուռ մը Հայաստան ու Արցախ (ինչ որ մնաց անկէ՝ ցնոր տնօրինութիւն):
Հայաստանի ի սպառ քարտէսէն ջնջելու այս անծածկոյթ սպառնալիքներուն եւ խեղաթիւրումներուն դիմաց, մենք ի՞նչ կ’ընենք…:
Ունինք իշխանութիւն մը, կամ իշխանութեան կրկներեւոյթ մը, որ անկարողութեան մատնուած է իր ստորագրած համաձայնագիրին բերումով, ծաղր ու ծանակի առարկայ է թշնամիներուն կողմէ, բախտաւոր պարագային՝ արգահատանքով կը դիտուի բարեկամներու եւ կարեկիցներու կողմէ, որոնք պատրաստ չեն գործնական քայլ առնելու ի խնդիր մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան (դարեր առաջ իմաստուն մը ըսած է. «քաջերու սահմանը իրենց զէնքն է»): Տակաւին, դժբախտաբար ստորնացած եւ ստորնացուցած վարչապետ մը կառչած կը մնայ իր «գիւտ»ին, թէ լուծումները պէտք է վայելեն նաեւ ազերիներու համամտութիւնը, չի լսեր կամ չի տեսներ, որ Ալիեւ եւ Էրտողան ԹՐՔԵՐԷՆ կը խօսին, իր հայերէնը չեն հասկնար…:
Բարեփոխութեան ու կարելին փրկելու դրօշը բարձացուցած ընդդիմադիր խմբաւորումը իշխանութեան կողմէ պարսաւանքի ենթակայ է, իբրեւ թէ անոր բացած պայքարը իշխանութիւն խլելու հարց ըլլար: Հայաստանի մէջ (քիչ մըն ալ՝ Սփիւռքի) կարծէք թէ ջուրի ձայն կը թուի մեր հայրենիքին, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթին եւ, մէկ խօսքով՝ Հայութիւն կոչուած ամբողջութեան գլխուն վերեւ կախուած «Դամոկլեան սուրը», որ հինաւուրց եաթաղանը վերափոխած է անօդաչու սաւառնակներով, միջազգայնօրէն արգիլեալ զէնքերով:
Թզենիի վերջին տերեւէն զրկուած՝ հայաստանաջինջ այս ծրագիրներուն եւ բառացի սպառնալիքներուն դիմաց, ընելիք ունի՞նք: Որքա՞ն պէտք է սպասենք, որ զանգուածները «դուրս գան շոքային վիճակէ»…
***
Պաքուի զիուորական տողանցքին մասնակցեցան ղուրջ 2․500 թուրք զինուորներ: Ատրպէյճանի մէջ կը հաստատուի թրքական զօրակայան: Թուրքիոյ հովանին վայելող ահաբեկիչներ ո՛չ միայն ետ չեն տարուիր իրենց մեկնակէտերը, այլ անոնց մնայուն բնակավայր կը պատրաստուի Արցախի մէջ: Հայկական մշակութային ժառանգութիւններ, պատմական կոթողներ եւս խեղաթիւրման ու փճացման ենթակայ են: Վանքեր կ’ազգափոխուին: Ցանկը երկար է, կը հասնի մինչեւ… հիւսիսային Իրան:
Սպասելի էր, աւելի՛ն, անյետաձգելի պահանջ է (եւ է), ՀՐԱՄԱՅԱԿԱ՛Ն, որ մեր դիւանագիտութիւնը, քաղաքական ամբողջ ներուժը, ներառեալ Հայ Դատի գրասենեակները, մտաւորականը, եկեղեցին՝ բոլոր յարանուանութիւններով, արուեստագէտը, գիտնականն ու, մէկ խօսքով՝ ամբողջ հայութիւնը նախ ի՛նք լսէ ահագնացող ահազանգը (բարեբախտաբար լսողներ կան), ապա նաեւ, ու միաժամանակ՝ ահազանգը տարածէ աշխարհով մէկ, հասցնէ մօտակայ եւ հեռաւոր ափեր, ցոյց տալու՝ որ Ցեղասպանութենէն 105 տարի ետք, «Այսուհետեւ ո՛չ երբեք» (Never Again) նշանախօսքը կը վերածուի սին բանաձեւի, հայաստանաջնջումն ու հայաջնջումը, իրենց բոլոր տեսակի կիրարկումերով, անարգել վայրաշարժի պէս կը խոյանան դէպի Հայաստան-Արցախ ու հայութիւն:
***
…Բան մը ընելու համար, պէտք է սպասենք, որ թուրք-ազերիական ուժերը Սիւնիքի ճամբով հասնին Երեւանի ու Կիւմրիի դուռներո՞ւն, որպէսզի մեր աչքերը բանանք եւ տեսնենք, որ նոյեմբերեան համաձայնագիրն ու զայն ստորագրողը ինչպիսի՛ պատուհասներու ենթակայ դարձուցած են մեր հայրենիքը, անէացման սպառնալիքի տակ դրած են մեր գոյութիւնը: Սա «շոքային վիճակ» ըսուածէն պիտի սթափի՞նք անյապաղ:
Չենք վիճիր Մանէ Գէորգեանի հետ, երբ կ’ըսէ. «Այս յայտարարութիւնները հակասում են Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ոգուն և դրոյթներին: Սպառնալիքի դիրքերից հայ ժողովրդի հետ խօսելը դատապարտելի է և չի կարող բերել Հարաւային Կովկասում տեւական կայունութեան: Խիստ դատապարտելի է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճարտարապետների՝ երիտթուրքական գաղափարախօսների փառաբանումը Թուրքիայի նախագահի կողմից։ Նման դրսեւորումները կասկածի տակ են դնում Թուրքիայի յայտարարութիւնները՝ այդ թւում տարածաշրջանային խաղաղութեան և կայունութեան հաստատմանը նպաստելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ»:
Սակայն պէտք է աւելցնենք. ՆՈ՜Ր ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ…

Սարգիս Մահսերէճեան
10 Դեկտեմբեր 2020