Կիրակի, 13 Դեկտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Սուրիան վերստին շեշտեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու թղթածրարը պէտք է վերջնականապէս փակուի, որովհետեւ Սուրիան քիմիական զէնքեր չէ օգտագործած եւ 2013-էն սկսեալ երբ անդամ դարձաւ Քիմիական Զէնքերու Կանխարգիլման Կազմակերպութեան, կատարեց ու կը կատարէ իր բոլոր պարտաւորութիւնները եւ ոչնչացուց քիմիական զէնքերու պահեստանոցները։ Այս առիթով Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին անդամներուն հետ առցանց ժողովի մը ընթացքին շեշտեց, որ Քիմիական Զէնքերու Կանխարգիլման Կազմակերպութիւնը գիտական կազմակերպութիւն է, սակայն Սուրիոյ մէջ քիմիական թղթածրարին հետ ունեցած վերաբերմունքով ան ԱՄՆ-ի առաջնորդած աշխարհաքաղաքական խաղին մէջ գործիքի վերածուած է եւ սկսած է Սուրիոյ վրայ ճնշում բանեցնել՝ ի շահ հակասուրիական պետութիւններուն։ Ճաաֆարի կոչ ուղղեց Կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն կանխելու կազմակերպութիւնը քաղաքականացնելու ԱՄՆ-ի փորձերը, զայն դուրս բերելու ԱՄՆ-ի քաղաքական խաղերու ցանցէն։