“Թերթ”._19 Դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Արցախի զինուորական գործողութիւններու աւարտին քառասուներորդ օրը կ’ամբողջանայ եւ այս առիթով 19 Դեկտեմբերէն սկսեալ Հայաստանի մէջ եռօրեայ սուգ պիտի յայտարարուի, պիտի կազմակերպուի յիշատակի երթ Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի «Եռաբլուր» եւ տեղի պիտի ունենան յիշատակի այլ նախաձեռնութիւններ, դիմատետրի ուղիղ եթերով հեռարձակուող իր ուղերձին մէջ 14 Դեկտեմբերին ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Անոր խօսքին համաձայն, հաւանական է, որ այդ օրոուան դրութեամբ մեր բոլոր նահատակներուն մարմինները յայտնաբերոած չըլլան, կրնան ըլլալ չճանաչցուած բազմաթիւ մարմիններ, բայց պետական այս կարգին որոշումը այլեւս կարելի չէ յետաձգել։ «Կ’ուզեմ կրկին հաւաստիացնել, որ մարմիններու որոնման, ճանաչման, անհետ կորածներուն գտնուելու վայրը պարզաբանելու աշխատանքները աւելի ծաւալուն կը դառնան։ Այս գործընթացը 18 Նոյեմբերին իմ հրապարակած ճանապարհային քարտէզին մէկ մասն է, եւ ոչ մէկ վայրկեան կարելի է կանգ առնել», յայտնեց ան: