يقوم صاحب السيادة ماسيس زوبويان مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب و توابعها مع الوفد المرافق له بزيارة رعوية إلى منطقة الجزيرة السورية، حيث استُقبل في مدينة القامشلي من قبل أبناء الرعية و على رأسهم نائب المطران الأب ليفون يغيايان.
Կիրակի, 13 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հովուական այցելութեամբ, յատուկ պատուիրակութեան, Դամասկոսէն օդային ճամբով մեկնեցաւ Գամիշլի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Մեթր Պայքար Թովմասեան եւ Տնտեսական Խորհուրդի անդամ տիար Մուշեղ Պայրամեան:
Սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ տիար Վարդան Մուրատեանի, թաղական խորհուրդի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որմէ ետք ուղղուեցան դէպի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան դահլիճ:
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան:
Սրբազան Հայրը այս առիթով իր գոհունակութիւնը յայտնեց, նշելով, որ 2020 տարուան իր հովուական ծառայութեան այցելութիւնները կը փակէ Գամիշլի հովուական այցելութեամբ: Ապա անդրադարձաւ անցնող ամիսներուն Սուրիոյ զանազան շրջաններ կատարած իր հովուական այցելութիւններուն եւ Դամասկոսի մէջ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն:
Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը պիտի ուղղէ, որմէ ետք պիտի կատարէ մատաղօրհնէքի արարողութիւն:
Յառաջիկայ օրերուն Սրբազան Հայրը պիտի մեկնի նաեւ Հասիչէ, ապա Տէրիք, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պատասխանատուներու եւ ազգային մարմիններու հետ եւ պիտի այցելէ շրջանի ազգային վարժարանները:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն