Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը կը շարունակեն Հասիչէ նահանգի եւ արեւմտեան արուարձանի բնակիչները զրկել խմելու ջուրէն՝ փակ պահելով Ալլուք ջրամուղ կայանը: Սուրիական կառավարութիւնը այս հարցին գծով տարբեր միջոցներու դիմեց՝ բնակիչներուն օրական ըմպելի ջուր ապահովելու բնակչութեան: