«Էրմէնիհապեր».-15 Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ ու Ատրպէճանի ուժանիւթի նախարարները պայմանագրութիւն ստորագրած են Իգտիր-Նախիջեւան կազատարի կառուցման համար: Այս նախագիծը, որուն մասին խօսուած է տարիներ շարունակ, նպատակ ունի Թուրքիոյ տարածքով նոյնպէս կազ հասցնել Ատրպէյճանի հետ ցամաքային սահման չունեցող Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն:
Ներկայիս Նախիջեւանին կազ կը մատակարարէ հարեւան Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը:
Նշուած է, որ նախագիծը պիտի իրականացնեն թրքական BOTAŞ պետական կազային ընկերութիւնը եւ ատրպէյճանական SOCAR պետական ընկերութիւնը: