Հարցում մը բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ այս պահը նիկոլը կը պաշտպանեն, կը փորձեն զինք արդարացնել, կամ լաւագոյն պարագային լուռ ու մունջ, կրաւորական կեցուածքով կը հետեւին վերջին զարգացումներուն՝ ԴԵՌ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ (ԿԱՄ ՉԸՆԷ) ան, որպէսզի ձեզի համար ալ «կարմիր գիծեր»ը հատած ըլլայ: Ի՞նչ փորձանք դեռ պէտք է գայ մեր ժողովուրդին ու պետութեան գլխուն, որպէսզի «կարմիր գիծեր» անցնելու վերագրուի: Որո՞նք են ձեր «կարմիր գիծեր»ը, խնդրեմ, ըսէ՛ք:
Ըստ երեւոյթի գաղտնաբար կործանարար անձնատուութեան (կապիտուլացիա) յայտարարութիւն ստորագրելը, հայրենի Արցախի տարածքին աւելի քան 70% կորուստն ու զիջումը, հազարներու ՀԱՅՐԵՆԱԶՐԿՈՒՄՆ ու տեղահանութիւնը, փանթուրանական երազին ճամբայ հարթելը, ամբողջ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը խոցելը «կարմիր գիծեր» չեն ոմանց համար:
Պատերազմի կանխարգիլման, կամ շուտափոյթ դադրեցման ձախողումը, անցնող երկամեակին արտաքին դիւանագիտութեան եւ բանակցութիւններուն ահռելի տապալումը, լրջօրէն վտանգները չգնահատելն ու համապատասխան քայլերու չձեռնարկելը, 44 օր հանրութիւնը մոլորեցնելը, համակարգուած զօրահաւաք ու համալրում չկազմակերպելը, բանակին վիրաւոր ու անմխիթար ներկայ վիճակը, պատերազմի ընթացքին գործուած մարտավարական ու կազմակերպական ահաւոր սխալները «կարմիր գիծեր» չե՞ն ձեզի համար:
Ռազմագերիներու եւ անյայտ կորածներու հարցին ապիկար ու անկարող տնօրինումը, կործանարար յայտարարութենէն աւելի քան մէկ ամիս անց, մինչեւ այս պահը օրական դրութեամբ արձանագրուած ապահովական անախորժ գործողութիւններն ու շրջափակումները, նո՛ր զոհերու եւ ռազմագերիներու թոյլ տալը, անբացատրելիօրէն «կարմիր գիծեր»ու սահմանը չեն անցած ոմանց համար:
Այս շրջագիծին մէջ, շատեր այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն, որ պարտուած ու հեղինակազրկուած այս իշխանութեան ակնյայտ անկարողութիւնը՝ 9 Նոյեմբերի յայտարարութենէն բխած կէտերը իրաւականօրէն հայանպաստ համաձայնագիրներու վերածելու, այդքան ալ էական նշանակութիւն չունի իրենց համար: Միջպետական սահմանագծումէն, մինչեւ ճանապարհներու ապաշրջափակումն ու այլ բանակցային գործընթացներու անյստակութիւնը, անորոշութիւնը երկրորդական կը թուին ըլլալ շատերու համար։
Ըստ երեւոյթի, Հայաստանի ու Արցախի օրէ օր տկարացող ազգային անվտանգութիւնը, անկախութիւնն ու ամբո՛ղջ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ «կարմիր գիծեր» չեն ոմանց համար: Աւելին, մօտաւորապէս 5000 երիտասարդներու, գրեթէ սերունդի՛ մը կեանքերը խլելու եւ հազարաւոր վիրաւորներու ու մնայուն հաշմանդամներու պատասխանատւութեան մէջ մեղաւորութեան զգացումի բացակայութիւնը, ընդհակառակը ուրիշները մեղադրելը (բանակ-ժողովուրդ-հիներ), հանրութեան մէջ պարակտում խորացնելը ու դեռ արիւնահոսող վէրքին վրայ աղ ցանելը զարմանալիօրէն «կարմիր գիծեր» չեն ըստ երեւոյթին Նիկոլի պատշպաններուն ու անտարբերներուն համար:
Բնականաբար այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ քաղաքական բազմաթիւ շրջանակներու եւ հազարաւոր ցուցարարներու կողքին, Հայ ժողովուրդի պետական, ազգային, գիտակրթական ու հոգեմտաւոր հեղինակութիւններուն (ՀՀ. Նախագահ, զոյգ կաթողիկոսներ, Երեւանի Պետական Համալսարան, Ազգային Գիտութիւններու Ակադեմիա, շարք մը մտաւորականներ, սփիւռքեան կազմակերպութիւններ եւ այլն) իշխանութենէն հրաժարական պահանջելու կոչերուն անտեսումը: Միթէ՞ այս հեղինակութիւնները այնքան անխելք, անհեռատես ու անփորձառու են, կամ բոլորը փտտա՞ծ են (կոռումպացուած), անձնական շահե՞ր կը հետապնդեն, որ Նիկոլի հրաժարականը կը պահանջեն: Վստահաբար ո՛չ: Միթէ՞ Նիկոլին վարչապետի, – արդէն իսկ հեղինակազրկուած, – աթոռին յամառօրէն կառչիլը ժողովրդավարութեան տեսակէտէ եւս «կարմիր գիծեր» հատել չի նշանակեր:
Եթէ այս բոլորը ձեզի համար «կարմիր գիծեր» չե՛ն, ուրեմն որո՞նք են անոնք: Ըսէ՛ք, ծանօթանանք, զրուցենք:
Միայն երկու խնդրանք. առաջին՝ հիներու-նորերու կամ աթոռակռիւի արդէն հինցած ու ծիծաղելի արդարացումին մի՛ վերագրէք ձեր կրաւորական կամ փրօ-նիկոլական կեցուածքը, որովհետեւ մեր դիմագրաւած ՃԳՆԱԺԱՄԸ շա՜տ աւելի խորունկ է ու օրհասական, քան լոկ՝ աթոռակռիւը (որ բնականաբար կայ ու միշտ պիտի ըլլայ), իսկ եթէ տակաւին չէք անդրադարձած ճգնաժամի ահաւորութեան, խնդրեմ բաղդատեցէք մեր իրականութիւնը 27 Սեպտեմբերէն առաջ, 9 Նոյեմբերէն ետք ու մանաւանդ՝ ԱՅՍՕՐ՝ 16 Դեկտեմբեր 2020-ին, ու տեսէք, թէ պետականութեան, անկախութեան եւ անվտանգութեան իմաստով ո՞ւր կանգնած ենք այսօր եւ ո՞ւր կրնանք կանգնիլ (կամ դադրիլ կանգնելէ) մօտիկ ապագային:
Երկրորդ՝ «միասնականութեան» պատրուակին տակ մի՛ պահուըտիք: Այո, այս ծանր օրերուն միասնականութիւնը ջուրի ու օդի նման հարկաւոր են բոլորիս, բայց ո՛չ Նիկոլի շուրջ,- որ վերջին ողբերգութիւններուն իրաւական, քաղաքական ու բարոյական գլխաւոր պատասխանատուն է, – այլ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ու հայրենիքը այս ճգնաժամէն փրկելու կարող ուժերու շուրջ…: Չհաւատա՛ք որ անփոխարինելի մարդիկ կան:
Չհաւատա՛ք, որ մենք չենք կրնար մեր ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ տալ անոնց, որոնք կրնան այս պարտութեան դասերը սորված յաղթանականերու եւ կայուն խաղաղութեան առաջնորդել մեզ բոլորս: Ցեղասպանութենէ ու 600 տարուան պետականազրկութենէ ետք հանրապետութիւն կերտող հայ ժողովուրդը իր ծիներուն մէջ վստահաբար ունի վերականգնելու եւ յառաջ շարժելու անկոտրում կամք ու կարողականութիւն: Սահմանադրական, օրինական եւ ժողովրդավարական ճանապարհներով վստահեցէ՛ք ու առիթ տուէք մասնագիտացա՛ծ, հայրենասէ՛ր, խիզա՛խ ու արհեստավա՛րժ մարդուժին:
Լաւ է ուշ, քան երբեք։ Գործենք այնպէս, որ մեր ազգային ու պետական արժեհամակարգին բոլոր հիմնական «կարմիր գիծեր»ը հատողները անցնցում ու քաղաքակիրթ ձեւով, վայրկեան առաջ լուսանցքայնանան ու նո՛ր որակով դուրս գանք այս ճգնաժամէն: Այլապէս կարմիր գիծ պիտի քաշուի մեր պետականութեան ու հայրենիքին վրայ:
Գէորգ Յակոբճեան
16 Դեկտեմբեր 2020