«Երկիր».-Արցախի մէջ մեկնարկած է ազգային համաձայնութեան իշխանութեան ձեւաւորման գործընթացը: Յառաջիկային պաշտօնները կը լքեն ամենաքննադատուած պաշտօնեաները:
Մեր տեղեկութիւններով, առաջին հերթին ուժայինները` ԱԱԾ տնօրէն, ոստիկանապետ, գլխաւոր դատախազ: Փոփոխութիւններ պիտի ըլլան նաեւ խորհրդարանի մէջ, ՀՅԴ-ական Դաւիթ Իշխանեան կը դառնայ ԱԺ նախագահ․ այժմ այդ պաշտօնը կը վարէ Արայիկ Յարութիւնեանի կուսակից, արդէն նախկին կուսակից Արթուր Սարգսեան:
ԱՀ նախագահը յայտարարեց «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութենէն դուրս գալու մասին եւ ուղերձ յղեց, որով, ըստ էութեան, ազդարարեց իշխանութեան թաւշեայ փոխանցումը Վիտալի Բալասանեանին: Աւելին, ան հրապարակած ուղերձը խմբագրելէն վերջ խոստացաւ․ «առաջին իսկ կարելիութեան պահուն պիտի դադրիմ նախագահական լիազօրութիւններէս, եւ ողջամիտ ժամկէտով Արցախի մէջ պիտի կազմակերպուին արտահերթ համապետական ընտրութիւններ, որու ընթացքին ես պիտի չառաջադրուիմ եւ դուրս պիտի գամ քաղաքականութենէն», կը գրէ թերթը: